image

Ոչ պաշտօնական տուեալներով Սահակ սրբազան ունի 89 պատգամաւոր (Լուսանկարներ)

Ոչ պաշտօնական տուեալներով Սահակ սրբազան ունի 89 պատգամաւոր (Լուսանկարներ)

Ոչ պաշտօնական տուեալներով Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի կողմնակից պատգամաւորներու թիւը հասած  է 89-ի: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլիս գտնուուղ իր թղթակիցէն: 

Մեր թղթակիցը նաեւ նշեց, որ երէկ գիշեր ուշ ժամերուն արդէն իսկ ընկերային ցանցի տարբեր հարթակներու վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած են թուանշաններ՝ կապուած երէկ տեղի ունեցած պատգամաւորներու ընտրութեան արդիւնքներուն:

Կը նշուի նաեւ, որ ներկայ պահու դրութեամբ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի պատգամաւորներու թիւը հասած է 89-ի, մինչ Արամ Աթէշեան սրբազան ունի 12 պատգամաւորներ:

Այս թիւերուն վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ 17 կրօնական պատգամաւորները, որոնց, սակայն, քուէարկելու դրոյթը անշուշտ թէ պիտի մնայ խորհրդապահական եւ, բնականաբար, պարզ պիտի դառնայ յառաջիկայ չորեքշաբթի՝ ընտրութեան օրը:

Յիշեցնենք, որ չորեքշաբթի տեղի պիտի ունենայ ընտրական մեծ ժողով, եւ պոլսահայութիւնը պիտի ընտրէ իր արժանի 85-րդ պատրիարքը: