image

Թանկարժէք իրերը վերի յարկերուն մէջ են եւ վտանգուած չեն. Մխիթարեանի միաբան (Լուսանկարներ)

Թանկարժէք իրերը վերի յարկերուն մէջ են եւ վտանգուած չեն. Մխիթարեանի միաբան (Լուսանկարներ)

Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի մէջ ջրհեղեղի վտանգը նահանջած է: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին մէջ նշած է Հայկական միաբանութեան եղբայրներէն մէկը՝ աւելցնելով, որ ջուրը ներքեւի յարկերը վնասած է, սակայն արժէքաւոր իրերը բոլորը վերի յարկերն են, հետեւաբար անվտանգ մնացած են:

«Բաւականին վնասներ տուած է ջուրը: Երկու օր է դուրս կը հանենք, վաղը նորէն պէտք է մակարդակը բարձրանայ, բայց ոչ այդ աստիճան: Արդէն բաւականին առաջընթաց կայ այդ առումով, բայց դեռ շատ բաներ կան մաքրելու: Մակընթացութիւն է, ամէն տարի ալ կը բարձրանայ-կ'իջնէ, բայց ոչ այդ աստիճան:

Ալիքները այնքան ուժգին էին, որ նոյնիսկ կղզիի դուրսի պատերը ջարդուած էր: Գրեթէ քանի մը օր վտանգներ պիտի ըլլան, բայց մեծ վտանգը անցած է»,-ըսած է միաբանութեան անդամը՝ աւելցնելով, որ իրենք նախապատրաստուած են նոր ալիքներուն:

Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ 1966 թուականին մէկ թիզ աւելի բարձր էր ջուրի մակարդակը:

Նշենք, որ Իտալիոյ կառավարութիւնը 14 Նոյեմբերին արտակարգ դրութեան ռեժիմ սահմանած է Վենետիկի մէջ սաստիկ հեղեղման պատճառով: Հեղեղման ընթացքին ջուրի տակ անցած է Վենետիկի Սան Մարքոյի հրապարակը՝ քաղաքի գլխաւոր տեսարժան վայրերէն մէկը, բազմաթիւ կառոյցներ, շինութիւններ:

Սուրբ Ղազար կղզիի Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքի մատենադարանը, պատկերասրահը, ձեռագրատունը եւ դիւանը, բարեբախտաբար, չեն տուժած, սակայն գետնայարկի բոլոր սենեակները ողողուել են լճակի տղմոտ ջուրով, ջուրը լեցուած է նաեւ սեղանատուն: «Եկեղեցին եւս հեղեղուած է կէս մեթր ջուրով: Վնասուած են որոշ եկեղեցական զգեստներ եւ ձեռագործ զարդարանքներ ու գորգեր: Միայն առաւօտեան պարզ դարձած է, որ հարաւային հատուածին մէջ պարսպապատը քանդուած է: Վնասուած է նաեւ վանքի ծովախորշը կայանած «Արմենիա» առագաստանաւը»,-յայտնած էր Հայր Համազասպ Քէշիշեանը: