image

Լիբանանահայեր, որոնք հասած են համաշխարհային հռչակի

Լիբանանահայեր, որոնք հասած են համաշխարհային հռչակի

Լիբանանի  մասին  անգլերէն լեզուով նիւթեր հրապարակող The 961  կայքը ուշագրաւ նիւթ  մը հարապարակած է  համաշխարհային  հռչակի  եւ ճանաչման  հասած լիբանանահայերու մասին։

Նիւթը պատրաստած լրագրող Եասմին Տիապ նիւթի նախաբանին մէջ գրած է, որ ինք  օգտուած է  աշխարհահռչակ երաժիշտ եւ կատարող Սերժ  Թանքեանի պատրաստած ցուցակէն։

 

@The Daily Star

Պատրաստած է Ժասմին Լիլիան Տիապ


21 սեպտեմբեր 1991ին, Հայաստանի ժողովուրդը Խորհրդային Միութենէն դուրս գալու մասին հանրաքուէ կատարելով  , հռչակեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Նոյն տարուայ նոյեմբերին Լեւոն Տէր Պետրոսեան ընտրուեցաւ Հայաստանի առաջին նախագահ: Հայոց պատմութիւնը կու գայ շուրջ հինգ հազար տարիներու խորքէն, հին քաղաքակրթութիւն մը, ուր մարդիկ առեւտրական ու ընկերային յարաբերութիւններ մշակած են, մեր նախնիներու՝ Փիւնիկեան երկրին հետ, եւ այժմ Լիբանանի մէջ մէկ դարէ աւելի է, որ առկայ է  հայկական ակնյայտ ներկայութիւն: 

Այսօրուայ Լիբանանի մէջ  եւ արդէն տասնեակ տարիներէ ի վեր հայերը երկրի նշանաւոր համայնքներէն մէկն են, ինչպէս եւ մեր ազգի կենսական մէկ մասնիկը: Ըստ Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներու Միջազգային տուեալներուն, Լիբանանի մէջ  կան 156,000 լիբանանահայեր, այսինքն հայերը կը կազմեն լիբանանեան ընդհանուր բնակչութեան մօտաւորապէս 4% տոկոսը։

Մինչեւ 1975 թուական եւ թերեւս մինչեւ այսօրս ալ Պէյրութը եղած է հայ մշակոյթի կեդրոն, իր բազմաթիւ լրատուամիջոցներով եւ առեւտրական զօրաւոր կապեր պահպանած հայկական սփիւռքի հետ: Այս առումով ալ ուզեցինք ծանօթացնել կարգ մը նշանաւոր լիբանանահայեր, որոնք կրցած են զոյգ մշակոյթները տարածել արտասահմանի մէջ, հպարտութիւն պարգեւելով իւրաքանչիւր ոլորտի մէջ իրենց ձեռք բերած նուաճումներով:


#1. Անիս Կարապետ

Լիբանանահայ երկրաչափ, ծնած է 5 մայիս, 1952ին, Պէյրութ: Ընտանիքին հետ գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, 1972ին: 1978ին աւարտած է երկրաչափական Նիւ Ճըրսիի Institute of Technology համալսարանը, ապա շարունակելով բարձրագոյն ուսումը, 1980ին տիրացած  է մագիստրոսի կոչումի «Seismology» մասնագիտութեան մէջ (երկրաշարժներու վերաբերեալ գիտութիւն), University of Southern California համալսարանէն:

1982ին ստացած է բարձր մասնագիտական երկրաչափական հաւաստագիր, Քալիֆորնիոյ նահանգէն:  1989ին, մաս կազմած է NASAի  տիեզերական փոխադրամիջոցներու ծրագրին,  աշխատելով Rockwell Internationalի մէջ: Պարգեւատրուած է «Քոլոմպիա» ի առաջին թռիչքի  տիեզերագնացներ՝ Ճոն Եանկ եւ Ռոպէրթ Քրիփընի կողմէ, տիեզերական փոխադրամիջոցին  ջերմային պաշտպանութեան համակարգի իր յաջող փորձարկման համար:


#2.  Յարութիւն Գ. Արմէնեան

Լիբանանահայ բժիշկ, ծնած է 18 յունիս, 1942ին, Պէյրութ: Պատուոյ դասախօս Johns Hopkins համալսարանի մէջ: Բժիշկ Արմէնեան 1997էն ի վեր կը վարէ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի առողջապահական գիտութիւններու նախագահի եւ  վարիչի  պաշտօնը:

Բազմիցս պարգեւատրուած է իր իւրայատուկ գործունէութեան ընթացքին տարած ուսումնասիրութիւններուն համար եւ ի մասնաւորի «Լիբանանեան պատերազմի ազդեցութիւնը բնակչութեան վրայ» նիւթի առընչութեամբ, ինչպէս նաեւ քաղցկեղի եւ հոգեախտաբանութեան կապակցութեամբ: Ան հրապարակած է աւելի քան  100 միջազգային  մակարդակի օդուածներ, զանազան նիւթերու շուրջ, ինչպէս՝ համաճարակաբանութիւն եւ հանրային առողջութիւն:  


#3. Ճոն Տոլմայեան

Ծնած է 1972ին, Պէյրութ: Լիբանանահայ-ամերիկահայ երգահան եւ թմբկահար: 1997ին մաս կազմած է System of a Down խումբին, որոնց հետ միասին արձանագրած են 5 երաժշտական ալպոմներ System of a Down (1998), Toxicity (2001), Steal This Album! (2002), Mezmerize (2005), and Hypnotize (2005).

Իսկ 2006ին, երբ խումբը պառակտուած է, Տոլմայեան միանալով խումբի կիթառիստ ու երգիչ Տարօն Մալաքեանին, կազմած է նոր խումբ մը՝ Scars on Broadway անունով եւ արձանագրած են իրենց ելոյթներու անանուն ալպոմները 2007-ին եւ 2008-ին:  Օգոստոս 2009-ին, Scars on Broadway խումբը ճամբորդած է Իրաք շրջագայութեամբ  մը եւ այցելած ամերիկեան ռազմակայաններ:


#4.  Սերուժ Գրաճեան

Յօրինող ու դաշնակահար, աշխարհահռչակ Սերուժ Գրաճեան ծնած է Լիբանան, 1973ին: Պատանեկան տարիներուն փոխադրուած է Թորոնթօ - Գանատա, ուր հետեւած է երաժշտական դասընթացքներու, ապա աւարտած է Թորոնթոյի համալսարանը՝ դաշնամուրի բաժին:

Ան ամբողջացուցած է յետաւարտական դասերը Գերմանիոյ Հանովըր քաղաքի Hochschule für Musik-ի մէջ, ապա քանի մը տարի մնացած է Մատրիտ, Սպանիա, ուր հիմնադրած ու ղեկավարած է Camerata Creativa-ը, ուր հանդիպած է իր ապագայ կնոջ, շատ յայտնի օփերայի երգչուհի, լիբանանահայ՝ Իզապէլ Պայրաքտարեանին:

Գրաճեանի հռչակ առած ալպոմներէն են, Ֆրանս Լիստի՝ Transcendental Etudes and Piano Concerti –ը, նաեւ Ռոպէրթ Շումանի ջութակի եւ դաշնակի երեք սոնաթները, ջութակահար՝ Արա Մալիքեանի ընկերակցութեամբ: Իսկ Իզապէլ Պայրաքտարեանին հետ արձանագրած է Փոլին Վիարտոթ-Կարսիայի երգերը, որոնց շնորհիւ երկու արուեստագէտներն ալ ստացած են միջազգային շնորհաւորագրեր եւ 2006ին արժանացած՝ «Ժունօ» երաժշտական մրցանակին, որպէս «տարուայ լաւագոյն դասական ալպոմը»:  

Որպէս  փոխ գեղարուեստական տնօրէն՝  Amici Chamber Ensemble նուագախումբին, Գրաճեան արձանագրած է հայկական սենեկային երաժշտութիւն եւ  Լեւանթ «Armenian Chamber Music and Levant», որ 2013ին յաղթանակ տարած է Ժունոյի մէջ որպէս «Լաւագոյն դասական ձայնագրութիւն»:


#5. Արսինէ Խանճեան 

Ծնած է 1958ին, Պէյրութ: Ան հռչակաւոր գանատացի դերասանուհի եւ ֆիլմ արտադրող է: Ամուսնացած է գանատացի հայ տաղանդաւոր բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանին հետ, որ յաճախակի կը ներառէ զինք իր շարժապատկերներուն մէջ: Արսինէ, բացի իր ամուսնոյն շարժապատկերներուն մէջ նկարահանուելէ , նաեւ ունի իր անկախ գործն ու թատրոնի դերերը: Ան աւարտած է Մոնթրէալի «Concordia» համալսարանը՝ Ֆրանսերէն եւ Սպաներէն լեզուներու բաժինը, ապա ստացած է մագիստրոսի կոչումը Քաղաքական գիտութիւններու մէջ, Թորոնթոյի համալսարանէն:

Էկոյեան Արսինէն կը նկատէ այն ոգեշնչումը, որ կը մղէ զինք ուսումնասիրելու իր հայկական արմատները :

Արսինէ ամուսնոյն շարժապատկերներուն մէջ նկարուելու կողքին, համբաւ  վաստակած է նաեւ հեռատեսիլի եւ թատրոնի մարզերուն մէջ:

Ան նկարահանուած է The Adjuster (1991) and Calendar (1993) շարժապատկերներուն մէջ, կատակերգութիւն մը, ուր Խանճեան կը խաղայ թարգմանիչի դեր։1994ին, Քաննի փառատօնին, Էկոյեանի Exotica շարժապատկերը արժանանալով մրցանակի, առիթ տուաւ դերասանուհիին աւելի համաշխարհային ճանաչում ձեռք ձգել:

 

(Շարունակելի)