image
Հրատապ լուրեր:

Կտրականապէս մերժելի է թրքական նախաձեռնութիւնը. Բերիոյ Թեմը Թալ Ապիատի եկեղեցւոյ մասին հաղորդագրութեամբ հանդէս եկաւ

Կտրականապէս մերժելի է թրքական նախաձեռնութիւնը. Բերիոյ Թեմը Թալ Ապիատի եկեղեցւոյ մասին հաղորդագրութեամբ հանդէս եկաւ

Սուրիոյ մէջ  գրանցուող   վերջին  զարգացումներէն ետք Թալ  Ապիատ  շրջանի  հայկական ընտանիքներն ալ ստիպուած եղան լքել իրենց օճախները։  Իսկ  վերջին օրերուն շրջանին մէջ Անգարայի հովանաւորութիւնը վայելող ջոկատներ ցուցական արարքներ կատարելով կը փորձեն հանրութեան մօտ ստեղծել կարծիք այն մասին, որ իրենք նեցուկ են եւ երաշխաւորն են շրջանի հայութեան ու Բերիոյ թեմի հովանաւորութեան տակ եղող Սուրբ Խաչ եկեղեցիին։

 Ի տես այս զարգացումներուն Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը հրապարակած է  բաւական  կուռ ոճով  շարադրուած  հաղորդագրութիւն մը, որ  կը ներկայացնենք  ստորեւ ՝

Վերջերս թրքական կարգ մը լրատուամիջոցներուն կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած, ներկայիս Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած սուրիական Թել Ապիատ աւանի հայ առաքելական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աղօթքին մասին մեր ժողովուրդին կ'ուզենք տեղեկացնել հետեւեալը.

1)    Բերիոյ Հայոց Թեմին կողմէ կտրականապէս մերժելի են թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ Թել Ապիատի Ս. խաչ եկեղեցւոյ կառոյցին նորոգութիւնն ու այնտեղ եկեղեցական արարողութիւն կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը՝ հետեւեալ նկատառումներով.

    - Թուրքիոյ եւ մեր ժողովուրդին միջեւ գոյութիւն ունի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումի ցարդ անլուծելի հարց:

         - Թուրքիոյ տարածքին գտնուող մեր հազարաւոր եկեղեցիները աւելի քան 100 տարիէ ի վեր նոյն թուրքին կողմէ անմխիթար, լքուած վիճակի մէջ են եւ կը կործանուին, սակայն թրքական պետութիւնը տարիներու ընթացքին ոչ մէկ քայլի ձեռնարկած է այդ մէկը կասեցնելու համար:

          - Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունին նաեւ այլ հայկական եկեղեցիներ, որոնք կը գտնուին թրքական կողմին կամ անոր ենթակայ խմբաւորումներուն հակակշիռին տակ, ինչպէս Ռաս ուլ Այնի կամ Եագուպիէի մէջ: Ուստի, Թել Ապիատի հայկական եկեղեցւոյ մասին այս հետաքրքրութեան պատճառները հարցական կը մնան:

          - Թել Ապիատը սուրիական հող է, ներկայիս բռնագրագուած է Թուրքիոյ կողմէ: Մինչեւ Թել Ապիատի ամբողջական ազատագրումը կարելի չէ մեկնիլ այնտեղ եւ ծիսակատարութիւն կազմակերպել հայկական եկեղեցւոյ մէջ:

2)    Բերիոյ Հայոց Թեմին պատկանող Ս. Խաչ եկեղեցին Սուրիոյ

պատերազմի տարիներուն զինեալ ահաբեկչական տարբեր խմբաւորումներու կողմէ սրբապղծուած է: Թել Ապիատի ազատագրումէն եւ Բերիոյ Հայոց Թեմին կողմէ եկեղեցւոյ վերօծումէն ետք միայն կարելի կը դառնայ այնտեղ հաւատացեալներու վերադարձով եկեղեցական արարողութիւն կատարել, այլապէս կատարուածները ոտնձգութիւններ են, զորս տեղի կ'ունենան գրաւեալ աւանին մէջ, զուտ քարոզչական նկատառումներով:

 

Դիւան

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի

Հալէպ, 12 Նոյեմբեր 2019