image

Լիբանանեան ցոյցեր օր 23. Ցուցարարները կը հաւաքուին նախարարներու բանակարններուն եւ պետական հիմնարկներուն շուրջ

Լիբանանեան ցոյցեր օր    23. Ցուցարարները  կը հաւաքուին   նախարարներու  բանակարններուն եւ  պետական հիմնարկներուն   շուրջ

23-րդ օրն  ըլլալով    Լիբանանի  մէջ    ընթացք  առած    բողոքի  ցոյցերը  կը շարունակուին։  Այս  մասին  տեղեկութիւն  հաղորդող  աղբիւրներ  նոյնպէս  կը նշեն,   որ  երէկուընէ  սկսեալ    բողոքարարները փոխած  են իրենց ընդհանուր ռազմավարութիւնը  եւ սկսած  են հաւաքուիլ  վարժարաններու, ինչպէս նաեւ համալսարաններու    գլխաւոր մուտքերուն  մօտ։

Ինչ կը վերաբերի  այսօր  առկայ  ընդհանուր    վիճակին  ապա   լրատուական   աղբիւրներ  կը հաղորդեն,  որ    մեծ  թիւով  ցուցարարներ  հաւաքուած են   Ժունիյէ քաղաքի    «Տաման» (պետական   ապահովագրութեան)  շէնքին  մօտ, ինչպէս  նաեւ   տասնեակ   այլ   հանրօգուտ   կեդրոններու   գլխաւոր   մուտքերուն դիմաց։

Մինչ   վարժարանները   բաց  կը յայտարարեն  իրենց  դռները, անդին    հարիւրաւոր    ուսանողները (յատկապէս  վերին կարգերու)   կը    մասնակցին բողոքի  ցոյցերուն։

Քաղաքական     գետնի  վրայ եւ  միշտ  ըստ   լիբանանեան  լրասփիւռներու,  նոր  վարչապետի  նշանակման    առընթեր տեղի ունենալիք պարտադիր խորհրդակցութիւններուն   սկսման  մասին  մինչեւ  այս պահը յստակ   թուական  չէ յայտարարուած։ Տեղի կ՚ունենան  փակ   հանդիպումներ   մասնաւորապէս    նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի  եւ   երկրի  ԱԳ նախարար   Ժըպրան  Պասիլին միջեւ: Այդ փակ  հանդիպումներուն մասին  յստակ   տեղեկութիւններ  չեն հաղորդուիր։