image

Երէկ ծանր գիշեր մըն էր Հալէպի համար. Տասնեակ հրթիռներ եւ մէկ զոհ (Լուսանկարներ)

Երէկ ծանր գիշեր մըն էր Հալէպի համար. Տասնեակ հրթիռներ եւ մէկ զոհ (Լուսանկարներ)

Երէկ Հալէպը թատերաբեմ դարձած է ծանր հրթիռարձակումներու։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն։

Տասնեակ հրթիռներ ինկած են «Ժամիլիյէ», «Հայ Ալ-Սախուր», «Հայ Ալ-Զահրաա», «Հալապ Ալ-Ժատիտա» եւ «Ալ-Սըրեան» շրջաններուն վրայ։

Հրթիռները պատճառած են մարդկային  տոյժեր, ինչպէս նաեւ նիւթական  մեծ վնասներ։

Յիշեցնենք, որ «Արեւելք» աւելի վաղ լրատւութիւն մը կատարած էր  «Հայ Ալ-Զահրաա» շրջանին մէջ գտնուող «Արդարադատութեան պալատ»ին ահաբեկիչներու կողմէ թիրախ  դառնալուն մասին, որուն հետեւանքով ալ ինկած էին վեց վիրաւորներ։

Ըստ «Շապաքաթ ախպար հայ ալ-Զահրա Հալապ» դիմատետրի էջին, երէկուան հրթիռակոծումներուն հետեւանքով զոհուած է Ապտըլ Հատի Ճամպազ անունը կրող  քաղաքացի մը, որ 28 տարեկան  էր։

Այս առաւօտ եւ դարձեալ ըստ մեր աղբիւրին Հալէպ քաղաքը բնականոն հունի մէջ է եւ քաղաքացիները սովորականին պէս փութացած են իրենց  աշխատանքներուն։

Պիտի  շարունակենք հետեւիլ Հալէպի զարգացումներուն։