image
Հրատապ լուրեր:

«Լիբանանի Ժողովուրդը վստահութիւն չունի այս իշխանութիւններուն հանդէպ» Աուտէ Արքեպիսկոպոս

«Լիբանանի Ժողովուրդը վստահութիւն չունի  այս իշխանութիւններուն հանդէպ» Աուտէ Արքեպիսկոպոս

   Յոյն  Ուղղափառ  համայնքի երեւելի   կրօնական  գործիչներէ  Էլիաս Աուտէ  արքեպիսկոպոս, որ   կը մասնակցի  Պքէրքէյի  մէջ     ընթացող  կրօնական առաջնորդներու    արտահերթ  ժողովին ուշագրաւ յայտարարութիւններով հանդէս եկած է։ Ան  մասնաւորապէս ըսած է, որ Լիբանանի     ժողովուրդը        վստահութիւն չունի    երկրի  իշխանութիւններուն հանդէպ։

 Աուտէ նաեւ ըսաւ,  որ    չպէտք է  մտահոգուիլ, որ  գործող կառավարութեան հրաժարմամբ  երկրին մէջ    պարապութիւն   կը ստեղծուի նկատել տալով, որ  «ցանկացած  վիճակ     մեր  այսօր  ապրած   վիճակէն  լաւ է»։

 

    Լրատուական ծառայութիւններ կը հաղորդեն,  որ  Պքէրքէյի  ժողովի     աւարտին         Լիբանանի  հոգեւոր առաջնորդներ  խստաոճ  յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գան։