image

Խաղաղութեան վարդեր՝ լիբանանցի զինուորներուն. Ծանօթացէք ՝ Արամ Շիմշիրեանին (Վիտէօ)

Խաղաղութեան վարդեր՝ լիբանանցի  զինուորներուն. Ծանօթացէք ՝ Արամ Շիմշիրեանին  (Վիտէօ)

Անցնող  օրերուն   Լիբանանի մէջ ծաւալած   բողոքի  ցոյցերուն ընթացքի մէկէ  աւելի  առիթներով    երեւելի դարձան   այդ ցոյցերուն իւրայատկութիւն եւ յատուկ      դրական  երանգ մը փոխանցող  տեսարաններ։

Այդ տեսարաններուն մէջ բնականաբար  ուշագրաւ   դեր  պիտի ունենային  լիբանանահայ    մեր հայրենակիցները  եւ այդ   տեսարաններու  ամէնէն ուշագրաւ պահերէն է   մեր   պատանի  հայրենակից Արամ  Շիմշիրեանի մասնակցութեամբ  եղած տեսարանը։

 Ինչպէս տեսանիւթին մէջ ալ կ՚երեւի, Արամ         գտնուած է Պէյրութի  կեդրոնական  հրապարակին մօտ   եղող շրջան մը, ու հոն համարձակօրէն   մօտենալով   ապահովական    ուժերու   ներկայացուցիչներուն   անոնց մէկական    ծաղիկ կը  նուիրէ։ 

 

 Պատկերը  աւելի  քան խորհրդանշական է, բազմիմաստ  եւ    մէկէ աւելի առումներով  խոր իմաստներ       ընդգծող։ 

 Արամ  կը պատկանի  նոր սերունդի   մը, որ չէ  տեսած Լիբանանի   գահավիժումը,   երկրին մէջ եղած     քաղաքացիական   արիւնալի  պատերազմը,  դառնաղէտ  իրադարձութիւններն ու մէկ խօսքով  Պէյրութի  այն միւս սեւ երեսը, որուն ծանօթ  եղած են Արամի    ծնողները, հայրը, մայրը  եւ նոյնիսկ մեծ  հայրն ու մեծ մայրը։

 

 Արամ  վառ եւ յուսադրող  աչքերով կը նայի Լիբանանի  ապագային, կը սիրէ  այդ  հիւրընկալ եւ  բազմակողմանի         ցոլքեր  ունեցող երկիրը։ 

 Երկիր, որ հայերուս համար  յատուկ նշանակութիւն ունի, երկիր, որ կեդրոնն է     արեւելք-արեւմուտք    երկխօսութեան եւ երկիր, որ կարող  է   դարձեալ  ոտքի կանգնիլ  ու  դառնալ   Միջին Արեւելքի    հլունն ու    շէն կեանքով  ապրող   ափը։ 

 

 Լիբանանը  այսօր կարիքն ունի Արամներու,  որոնք ամէնէն աւելին կը հասկնան եւ կ՚ըմբռնեն  խաղաղութեան  իմաստն ու արժէքը։