image
Հրատապ լուրեր:

Բողոքի ցոցերը կը շարունակուին.Հարիրի պիտի խօսի ժամը 18:00-ին

Բողոքի  ցոցերը կը շարունակուին.Հարիրի պիտի խօսի ժամը 18:00-ին

Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի Պէյրութի ժամանակով ժամը 18:00-ին պատկերասփռուած  պատգամ մը պիտի տայ։

Լրատուական աղբիւրներ, որ այս մասին տեղեկութիւն հաղորդեցին, նաեւ նշեցին, որ երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին եւ ինչպէս աւելի վաղ նշած էինք, Լիբանանը յայտնուած է անդամալուծուած  վիճակի մը մէջ։

Կը սպասուի նաեւ, որ Հարիրի կարեւոր յայտարարութեամբ հանդէս գայ ու մեծ թիւով վերլուծաբաններ այն կարծիքին են, որ Հարիրի այսօր հրաժարի իր պաշտօնէն։