image

Փոթորիկի Բռնուած Մակոյկի Պէս Եղայ. Հրաչեայ Աճառեան

Փոթորիկի Բռնուած Մակոյկի Պէս Եղայ. Հրաչեայ Աճառեան

Եթէ իմ վրաս տեղեկութիւն հարցնես, ինչ որ բնաւ չունիս կարծեմ- ճիշտ երազած, մտադրած կեանքս անցուցի. մակոյկի մը պէս եղայ, որ փոթորիկի բռնուած ըլլայ ինկայ ելայ եւ հիմա սակայն խաղաղ օրերս հասան ինձ համար: Մէկ տարի անցուցի իմ ունեցած դրամովս, վեց ամիս ալ հոս (Փարիզ) աշխատելով՝ դպրոցս շարունակեցի: Բայց ինչ աշխատեցայ- չես սպասէր ամենեւին- շեքերճի (շաքարավաճառ), ֆըստըխճի (պիստակ վաճառող), լրագրավաճառ եւ իլանճի (ցուցանակ պատրաստող)- այս արհեստները ըրի գիշերները, երբ դպրոցը գոցուէր, երբ դաս չըլլար, կիրակի օրերը մնացեալ ժամանակը դպրոցը կը շարունակէի, մինչեւ որ գտայ երկու դասեր տաճկերէնի եւ հայերէնի ու անոնցմով սկսայ ապրուիլ: Դասերէն ետքն ալ ուրիշ գործ մըն ալ գտայ, որ վերջնական ու լաւագոյնն է, հոս գրագիր եղայ Լուսինեան դիւանին, ան ֆրանսահայ բառագիրք մը կը հրատարակէ, այդ  բառագիրքին տպագրութեան գործը ինծի յանձնած է.  փորձ կը սրբագրեմ եւ այլն, եւ ասով 100 ֆր. ամսական, իսկ միւս առաջուան դասերէս ալ 80 ֆր. ունիմ, 180 ֆր. ամսական, իսկ բառարանը պիտի տեւէ երեք տարի դեռ եւ հեղինակն ալ ինծմէ գոհ է հարկաւ:Իսկ թէ ինչ ուսումներով կը պարապիմ, աւելորդ է այդ մասին խոսիլ իսկ: Հրաչեային նպատակը ծանօթ է քեզի. լեզուաբանական ուսումներ՝ քիչ մը աւելի սակայն ընդարձակուած եւ ընդլայնուած շրջանակի մը մէջ, ինչ որ չէր Պոլիս: Եւ հոս կը մնամ դեռ խիստ քիչ՝ եկող տարի ապրիլին արդէն մեկնած կը լինիմ եւ կը գնամ Գերմանիա: Մի վեց ամիս ալ կուզեմ անցընել: Գիտես արդէն թէ Գերմանիան այս ուսումին մէջ առաջինն է աշխարհիս, վեց ամիս ալ հոն անցընելէ ետք՝ մնաս բարով կը դնեմ Եւրոպային:

 Հրաչեայ Աճառեան

 

 (*Հատուած   Փարիզ  Ապրող Արամ Աղուորիկեանի  գրուած նամակէն.  1897  թուական)՝