image

Հայ Կաթողիկէ Բարձրաստիճան Հոգեւորականը Քեսապ Կը Մեկնի

Հայ Կաթողիկէ Բարձրաստիճան Հոգեւորականը  Քեսապ Կը Մեկնի

 Պէյրութ-  («Արեւելք») Պէյրութի մեր աղբիւրներէն  իմացանք, որ   Հայ Կաթողիկէ Պէյրութի    Առաջնորդ եւ պատրիարքական օգնական  Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան հանգամանաւոր        պատուիրակութեան մը  գլխուն այսօր Քեսապ պիտի ժամանէ: Նշենք, որ սոյն այցը  Հայ կաթողիկէ բարձրաստիճան  կրօնաւորի մը առաջին այցն է  հայաւան ՝ Քեսապի դէպքերէն    ասդին:  Գերապայծառը այնու պիտի պատարագէ   Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ եւ   հանդիպումներ պիտի ունենայ  քեսապահայութեանը հետ` մօտէն ծանօթանալու անոնց խնդիրներուն: Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ  Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան      նորաօծ Եպիսկոպոս է եւ  զինք այդ կոչումին արժանացուց Հռոմի մէջ  անցնող    Սեպտեմբերին գումարուած Հայ  կաթողիկէ սիւնոդոսը: