image
Հրատապ լուրեր:

Եթէ պատերազմը շարունակուի, Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները պիտի հայաթափուին. Քոպանիէն խոյս տուած հայորդի

Եթէ պատերազմը   շարունակուի, Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները պիտի հայաթափուին. Քոպանիէն խոյս տուած  հայորդի

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ   թրքական ներխուժման հետեւանքով  Քոպանիէն դուրս եկած բժիշկ  Յակոբ Յարութիւնեանը.

 

-Որքա՞ն ժամանակէ ի վեր  կը ծառայէիք Քոպանիի մէջ:


Քսան տարիէ ի վեր, որպէս բժիշկ կ՚աշխատիմ Արաբունար ՝ Քոպանիի մէջ:


 

-Ինչո՞ւ որոշեցիք հեռանալ Քոպանիէն, ի՞նչ էր պատճառը:


Քոպանիէն դուրս գալու պատճառը այն էր, որ մենք մեծ վախի մէջ էինք, քանի որ  լսած էինք, որ Թուրքիան, «Ազատ բանակ»ին հետ համատեղմ, յարձակում պիտի գործէ, մանաւանդ որ, չորս տարի առաջ, Քոպանիի պատերազմի ժամանակ, որուն ընթացքին հոն կը գտնուէի, տեսած էինք տառապանքը, ապրած էինք վախը, սարսափի մթնոլորտը: Այս անգամ ալ, մասնաւորապէս մենք, որպէս հոն գտնուող հայեր,  վախը ունեցանք, որ թուրքերը հաշուեյարդար  կը տեսնեն մեր հետ...։  Մենք, որպէս հայեր, տեսած ենք անոնց ոճիրը եւ մեզի համար այդ  գործելաոճը   օտար  չէ։  Ոճիր, սպանդ, եւ տեղահանութիւն,  այսօր այդ  վիճակը կը տիրէ  Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան  շրջաններուն մէջ ...։ Քոպանիի մէջ ես ու  բժիշկ Աբրահամ Գարակիւլէեանը    ճանչցուած   ու յարգուած ենք   բոլորին  կողմէ  ու   այդ  քաղաքին մէջ   ուրիշ  հայեր չկան։ Մօտիկ անցեալին  կային  նաեւ արհեստաւոր հայեր, որոնք մեզմէ առաջ դուրս եկան Քոպանիէն: Մէկ խօսքով, որոշեցինք դուրս գալ՝ վախնալով որ ֆիզիքական վնասի կ'ենթարկուինք եւ  կը սպաննուինք։

 

 

-Ինչպէ՞ս էր ձեր ճամբան, ի՞նչ դժուարութիւններէ անցաք մինչեւ  ձեր Հալէպ հասնիլը: 


Երբ Քոպանիի արուարձանին մէջ մէկէ աւելի գիւղերու վրայ ռմբակոծութիւն եւ  ապա յարձակում սկսաւ, երբ լսեցինք արձակուած ռումբերու ձայները, վախցանք եւ որոշեցինք դուրս գալ:

Ճամբորդութիւննիս դժուար էր, գիշերով ճամբայ ելանք, ժամը 9:00-ի մօտերը, ճամբան բազմաթիւ անցարգելներ կային, հարիւրաւոր քաղաքացիական  ինքնաշարժներու կուտակումներ, ամէն մէկ անցարգելի մօտ երբեմն  2-3 ժամ սպասեցինք, երկար վիճաբանութիւններ ունեցանք, բացատրեցինք անոնց, որ մենք Հալէպէն ենք եւ այստեղ առաքելութիւն կ'իրականացնէինք, աւարտած ենք մեր առաքելութիւնը եւ պիտի վերադառնանք։ Մէկ  խօսքով՝  բաւական  դժուար  էր    ճանապարհը, սակայն ի վերջոյ կարողացանք  ապահով կերպով Հալէպ  քաղաք  հասնիլ։

 

-Ձեր կարծիքով, Թուրքիոյ կողմէ   կատարուած   այս յարձակումը երկա՞ր կը տեւէ:


Ես կը կարծեմ այս եղածը աւելի շատ քաղաքական խաղ է, քան ռազմական, քանի որ ծրագրուած բան կայ տարածաշրջանին մէջ իրականացուելիք։ Եփրատի արեւելեան շրջանին մէջ երկիրներու միջեւ պայքար կայ, եւ յստակ է, որ  ոչ միայն ԱՄՆ-ի, այլ նաեւ Ռուսաստանի, Իրանի, Թուրքիոյ կողմէ բան մը կը պատրաստուի այս շրջանին համար։ Իսկ քիւրտերը այդ խաղին մէջ    կարծես «ճոքեր»ի  վերածուած են, կը շահագործէին  բոլորին  կողմէ։  Չմոռնանք, որ  քիւրտերուն համար նախատեսուած  եւ Եփրատի արեւելեան շրջանին համար  գծուած  ծրագիրը ձախողեցաւ։ Հարկ չկայ   յիշեցնելու,  որ ձախողումը եղաւ միաջազգային համաձայնութեամբ, իսկ մենք, որպէս այս շրջանին մէջ գտնուող փոքրամասնութիւններ, այդ խաղին զոհը դարձանք: Յատկապէս որպէս հայեր, գտնուելով Թուրքիոյ մօտ, մեր վախը մեծ էր, քանի որ Թուրքիոյ միտումներն ու մօտեցումները յայտնի են բոլորին համար։   Այս շարունակուող պատերազմը, Եփրատի արեւելեան շրջանին մէջ տեղի ունեցածը, փոքրամասնութիւններու տեղահանութիւնը, յատկապէս հայերուն եւ քրիստոնեաներուն հանդէպ, մենք կը համարենք ցեղասպանութեան շարունակութիւն:

Ես կը պահանջեմ համայն աշխարհի երկիրներէն, յատկապէս որոշում կայացնող երկիրներէն եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններէն, որ դատապարտեն Թուրքիոյ արարքը եւ  կարեւոր   գործնական   քայլերու ձեռնարկեն  այս  ողբերգութիւններուն վերջ  մը տալու համար։ Մենք, որպէս հայեր, վտանգուած ենք ու եթէ պատերազմը  շարունակուի Սուրիոյ հիւսիսային   շրջանները    ամբողջապէս պիտի հայաթափուին։

 

-Մտահո՞գ էք Գամիշլիի    վիճակով:


Անշուշտ որ մենք վախ ունինք եւ մտահոգ ենք Գամիշլիի մէջ մեր ժողովուրդի  վիճակով, հոն գտնուող հայերուն համար։ Գաղտնիք չէ, որ  Սուրիոյ մէջ Հալէպէն ետք    հայութիւնը մեծ   թիւ  կը կազմէ Գամիշլիի  մէջ, ու այդ  քաղաքը  տարբեր առումներով ալ կարեւոր նշանակութիւն  ունի մեզի համար։  Մենք քիւրտերու ինքնակառավարման մարմնի գոյութեան ներքոյ ոչ մէկ նեղութիւն տեսանք: Մեզ կը յարգէին  եւ բոլոր  դիւրութիւնները  տուած են։ Այսօր նոր իրավիճակ կը տիրէ ու տեղի ունեցող դէպքերն անշուշտ  մեզի  խորապէս կը մտահոգեն ու կը վրդովեցնեն։