image

Թրքական ներխուժման դէմ Գամիշլիի հայութիւնը բողոքի ցոյց կատարեց

Թրքական ներխուժման   դէմ  Գամիշլիի հայութիւնը   բողոքի  ցոյց   կատարեց

 Գամիշլիի  հայութիւնը  ներկայացնող  բազմութիւն մը  երէկ   բողոքի  ցոյց կատարած է   դատապարտելու համար  Սուրիոյ հիւսիսային  շրջաններուն   ուղղութեամբ  թրքական      յարձակումը։

  Այս  մասին  տեղեկութիւնը   տրուած է  Ճէզիրէյի   Ազգային Առաջնորդարանի  դիմատետրի   էջով։

 Աղբիւրը նաեւ ներկայացուցած է երէկ  տեղի ունեցած    բողոքի  ցոյցի  կարգ մը լուսանկարները ու նաեւ     կարճ   հաղորդագրութիւն մը, որ մասնաւորապէս կ՚ըսէ ՝

«Ուրբաթ,11 Հոկտեմբեր 2019-ին,

Գամիշլիի ժողովուրդը իր բոլոր բաղադրիչներով եւ միասնական կեցուածքով կը բողոքէ եւ կոչ կ'ուղղէ միջազգային ընտանիքին դատապարտելու Թուրքիոյ ներխուժումը Սուրիական հիւսիւսային շրջաններէն ներս: Սանձելու համար, ոճրագործ Թուրքիան, կանխարգիլելով մարդկային աղիտալի յաւելեալ դէպքերը»։

 Նշենք, որ բողոքի    ցոյցը  գլխաւորած է   Ճէզիրէյի  թեմի   փոխ առաջնորդ  Հոգշ. Տ. Լեւոն    աբղ. Եղիայեանը , որ    անցեալ  ամիս ՝ սեպտեմբերին նշանակուած էր  այդ  պաշտօնին։