Գամիշլիի հայութիւնը ներկայացնող բազմութիւն մը երէկ բողոքի ցոյց կատարած է դատապարտելու համար Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն ուղղութեամբ թրքական յարձակումը։
Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Ճէզիրէյի Ազգային Առաջնորդարանի դիմատետրի էջով։
Աղբիւրը նաեւ ներկայացուցած է երէկ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցի կարգ մը լուսանկարները ու նաեւ կարճ հաղորդագրութիւն մը, որ մասնաւորապէս կ՚ըսէ ՝
«Ուրբաթ,11 Հոկտեմբեր 2019-ին,
Գամիշլիի ժողովուրդը իր բոլոր բաղադրիչներով եւ միասնական կեցուածքով կը բողոքէ եւ կոչ կ'ուղղէ միջազգային ընտանիքին դատապարտելու Թուրքիոյ ներխուժումը Սուրիական հիւսիւսային շրջաններէն ներս: Սանձելու համար, ոճրագործ Թուրքիան, կանխարգիլելով մարդկային աղիտալի յաւելեալ դէպքերը»։
Նշենք, որ բողոքի ցոյցը գլխաւորած է Ճէզիրէյի թեմի փոխ առաջնորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն աբղ. Եղիայեանը , որ անցեալ ամիս ՝ սեպտեմբերին նշանակուած էր այդ պաշտօնին։