image

Գանատայի Թեմի Առաջնորդ Տ. Մեղրիկ Սրբազան Հրաժարա՞ծ

Գանատայի  Թեմի  Առաջնորդ   Տ. Մեղրիկ Սրբազան Հրաժարա՞ծ

«Զիլ Խօսք» Պլոկէն կը կարդանք. «Մեր ունեցած տեղեկութիւններով Գանատայի (Անթիլիասական) թեմի Առաջնորդ Տ. Մեղրիկ  Եպս. Բարիքեան  հրաժարական տուած է իր պաշտօնէն:   Լուրին  առընթեր  մինչեւ այս պահը   խիստ  խորհրդապահութիւն կը  տիրէ: Մեր ունեցած տուեալներով Սրբազան  հայրը գաղութէն ներս առկայ    խլրտումներու (որոնց մասին անտեղեակ ենք) եւ  ազգային իշխանութեանց հետ իր ունեցած որոշ տարաձայնութիւններուն հետեւանքով հրաժարման  նամակ գրած է Անթիլիասի գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին: Հրաժարման  նամակին  դիմաց Անթիլիասի նախնական արձագանքը եղած է ժխտական:  Թէ ինչ   ճակատագիր պիտի ունենայ Սրբազան հօր   իր պաշտօնէն հրաժարելու   խնդրագիրը,  ցարդ  յայտնի չէ: Վերջին օրերուն Գանատայի  յատկապէս Մոնթրէալի     Հայ  Առաքելական եկեղեցւոյ շրջանակներուն  մօտ խօսակցութիւններ կան, որ Սրբազան հօր հրաժարականը պիտի ընդունուի, ու ան   յառաջիկայ Մայիսին  պիտի հեռանայ Գանատայի թեմէն: Տեղին է յիշեցնել,  որ Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան (Ծնեալ Պէյրութ 1968-ին) ձեռամբ՝  Տ. Տ. Արամ Ա.  Վեհափառ հայրապետին  Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է 2014   թուականին`     նոյն տարին ստանձնելով Գանատայի թեմի Առաջնորդի  պաշտօնը»: «Արեւելք» որոշ վերապահութիւններով կը հրապարակէ սոյն լուրը,   յուսալով, որ  Տ. Մեղրիկ Սրբազանի նման  արժանաւոր    եւ եկեղեցանուէր   Առաջնորդը    կը շարունակէ  իր    ազգանուէր   ծառայութիւնը: