image

Պատերազմական իրավիճակ Սուրիոյ հիւսիսը. Սուրիացի քաղաքացիներ կը լքեն Թալ Ապեատը

Պատերազմական  իրավիճակ  Սուրիոյ  հիւսիսը. Սուրիացի  քաղաքացիներ կը լքեն   Թալ Ապեատը

Մեծ  թիւով   սուրիացի քաղաքացիներ   սկսած են լքել  Սուրիոյ   Թալ Ապեատ քաղաքը։  Այս  մասին  տեղեկութիւնը հաղորդեց «Սքայ  նիւզ արապիք»   կայանը։

Աղբիւրը  նաեւ հաղորդեց, որ  Թալ Ապեատի  շուրջ  գտնուող  տասնեակ   գաւառակներ  թիրախ  եղած են  թրքական   օդուժի    հարուածներուն։

 

Մարդկային  զոհերու  կամ տոյժերու  մասին տուեալներ չեն հաղորդուիր։

Նշենք, որ  ինչպէս  աւելի վաղ  հաղորդած էինք,    Թուրքիոյ  նախագահ  Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան  յայտարարութեամբ մը հանդէս  գալով նշեց Սուրիոյ  ուղղութեամբ  ռազմական գործողութեան  մը սկսելու մասին։

Յիշեցնենք նաեւ, որ  թրքական օդուժը  հարուածներ տուած էր Ռաս Իւլ Այնի  քրտական   զօրամիաւորումներու կեդրոններուն ուղղութեամբ։