image

«Այնքան ատեն, որ ամբողջ Սուրիան դեռ չէ ազատագրուած, Հալէպը կայուն տնտեսութիւն պիտի չունենայ» Վահէ Սարգիսեան

«Այնքան  ատեն, որ   ամբողջ Սուրիան դեռ  չէ ազատագրուած, Հալէպը  կայուն տնտեսութիւն պիտի  չունենայ» Վահէ Սարգիսեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ Վահէ Սարգիսեանը.

 


-Ինչպէ՞ս է ներկայիս Հալէպի տնտեսական ընդհանուր իրավիճակը, եւ ի՞նչ  են   առեւտրական  գործիչներու  եւ տնտեսավարներու մտահոգութիւնները:


Չնայած անոր, որ  տնտեսագէտներ  կամ  այս մարզին մէջ հմտացած մասնագէտներ չենք, այնուամենայնիւ այս ծիրը  իւրաքանչիւրիս կեանքին վրայ ունի ազդեցիկ դերակատարութիւն, որպէս կեանքի մարտահրաւէր. յաճախ կամայ եւ ակամայ կը յայտնուինք այս իրականութեան առջեւ, մեր վրայ կրելով վերջինի դրական եւ ժխտական արդիւնքները, ներկայ պարագային՝ դառնութիւնը:

Անշուշտ, որ վաճառականներն ու տնտեսվարները արդարացի հարցեր ու մտահոգութիւններ ունին, յատկապէս երբ առեւտրական գործընթացը կը խաչաձեւուի առեւտրական սկզբունքային կանոններուն հետ, օրինակ՝ ապրանքի ներմուծումը, հասնիլը մինչեւ աշխատանքի վայր եւ գործնական առաքումը մինչեւ այլ վայրեր, յաւելեալ ոչ օրինաւոր վճարումներու դուռ բանալով, պատճառ կը հանդիսանայ այդ ապրանքի գինի սղաճին, որ դժուարութիւն  կը ստեղծէ շուկայական բեմահարթակին վրայ նշուած ապրանքի հեզասահ վաճառմանը, դանդաղեցնելով առեւտրական գործընթացը, որ ցանկալի երեւոյթ մը չէ եւ կը հակասէ առեւտրական  ընդհանուր  սկզբունքներուն:

Ուրիշ օրինակ մը՝ դրամանիշի կտրուկ տատանումները յաճախ առեւտրական ապրանքաշրջանառութեան վրայ ժխտական  անդրադարձ կ՚ունենան, կրճատելով ապրանքի վաճառքէն ձեռք բերուած  շահոյթը, եւ այդ անկայուն վիճակի երկարատեւութիւնը կ'անդամալուծէ շուկայական առեւտուրը անորոշ ժամանակի համար:  


-Գիտենք, որ Սուրիոյ պետութիւնը բաւական մեծ գումարային եւ ոսկիի պահեստներ ունի,  արդեօք  այդ  միջոցներով կարելի չէ՞  առաջքը առնել այս տնտեսական պատերազմին։


Կասկած չկայ, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը իմաստութեամբ վարուելով, տարիներու ընթացքին դիզած էր ազնիւ մետաղներ եւ յատկապէս ոսկի, կայուն պահելու երկրի տնտեսութիւնը եւ դրամանիշի արժէքը, սակայն ճիշդ կ'ըլլայ իրատեսութեամբ մօտենալ հարցին եւ համոզուիլ այն գաղափարին թէ ինչքան կարելի է տոկալ, ինչքան կարելի է տալ առանց ստանալու, յատկապէս երբ եկամուտի աղբիւրներ հանդիսացող տարածքները գտնուելով կառավարութեան գերակայութենէ դուրս ժամանակաւորապէս ցամքած ըլլալ կը թուին: Հետեւաբար առաջին տեսանկիւնէն այնքան ժամանակ որ երկրին ամբողջական տարածքը տակաւին չէ ազատագրուած, եկամուտի աղբիւրները չեն վերադարձած, խաղաղութիւնը Սուրիոյ ամբողջական տարածքին վրայ չէ հաստատուած եւ ռազմական գործունէութիւնը տակաւին կը ծաւալուի ահաբեկչական խմբաւորումներու եւ իրենց ղեկավարող նենգամիտ ծրագիրներու տէր երկրներու դէմ.  ուրիշ տեսանկիւնէ՝ եթէ անհիմն արտայայտութիւններ, այս կամ այն անձերու կողմէ, ներքին թէ արտաքին, պատճառ կրնան ըլլալ դրամադրոյթի տատանման, չհաշուած ներքին վաճառականներու անձնական շահերու խաղերը. ապա դժուար թէ մօտ օրերուս կարողանանք պահել կայուն դրամադրոյթ ինչքան ժամանակ որ վերոյիշեալները տակաւին չեն յաղթահարուած: Չեմ ուզեր յոռետես ըլլալ, այլ լաւատեսութեամբ կ'ուզեմ ըսել անյաղթահարելի չեն, պարզապէս ժամանակի կը կարօտին:


-Վերջերս շատ կը լսենք սուրիական դրամին դիմաց տոլարի տատանումին մասին։ Որեւէ յստակ պատճառ մը կա՞յ այս տատանումներուն: Այդ մէկը ինչո՞վ կ'ազդէ ժողովուրդի ապրելակերպին  վրայ:


Սուրիոյ պետութեան դրամանիշը՝ լիրան տասնեակ  տարիներ ունեցած է շատ աննշան փոքր տատանումներով կայուն վիճակ, որ  կ'երաշխաւորէր կառավարութեան տնտեսութեան համակարգը, սակայն վերջին 8-9 տարիներու իրադարձութիւնները, ստեղծուած քաոսային վիճակը, հարուածելով կառավարութեան տնտեսութիւնը ապահովող համակարգի գործօններուն, պատճառ դարձած են դրամանիշի արժէազրկման, ի դէպ մինչեւ 12 անգամ, որուն յաջորդած է ապրանքային գիներու ակնյայտ, անկայուն ու անտրամաբանական սղաճ, որ անվարժ մեր ժողովուրդին ամէնօրեայ անլուծելի հարցը դարձած է,  հարուած   տալով բնականոն կեանքի  հունն  ու կայունութիւնը։


-Հալէպահայ     գործարարները, ի՞նչ վիճակի մէջ են այսօր, ի՞նչ մտահոգութիւններ ունինԱրդեօք անոնք վերադարձի կամ իրենց գործարանները վերաբանալու մասին կը մտածե՞ն, տեղեկութիւններ  ունի՞ք   այդ մասին։ 


Դժուար է այս հարցի կապակցութեամբ վերլուծութիւնները դրական եզրակացութեան յանգեցնել, յատկապէս այն բանի համար որ շատ շատեր, ներառեալ ձեռներէց հայեր, վարպետ ու մեծածախ վաճառականներ, մեծամասնութեամբ ցաւ ի սիրտ լքեցին երկիրը: Ոմանք խնդիրներու առաջին իսկ օրերուն իրենց հաշիւները փակելով մեկնեցան, ուրիշներ պարզապէս իրենց առեւտրական գործունէութիւնը առկախելով հեռացան, եւ այս օրերուս վերադարձած են իրենց հաշիւները փակելու նպատակաւ եւ կամ բաւարարուած են գործատեղերը վարձու տալով: Ի դէպ վերոյիշեալ երկու խաւերն ալ արդէն իսկ այլ երկրներու մէջ մշակած են առեւտրական գործունէութիւններ, հիմնելով եկամտաբեր նոր ձեռնարկութիւններ:

Իսկ երրորդ խաւը՝ պատերազմի ընթացքին կառչած մնացող քաջարի հայ վաճառականներ, այս օրերուն կը տուայտին գտնուելով լաւ ու վատին անդունդին եզրին, ոմանք հրաժարելով նախկին օրերու փառքէն ու մտայնութենէն, գլուխ ծռելով ներկայ դառն իրականութեան, մասնակի կը յաջողին, սակայն այլոց լուրջ խնդիրներու առջեւ գտնուելով, կը փորձեն վերագտնել իրենց աշխատանքի բնականոն ընթացքը:


-Ձեր կարծիքով,  ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ հալէպահայ ժողովուրդին, նկատի առնելով այս տնտեսական    բաւական  բարդ  իրավիճակը, որմէ  այսօր կ՚անցնի   ամբողջ Սուրիան։


Անկեղծ ասած չեմ գիտեր թէ ի՛նչ ճակատագիր  վերապահուած է Սուրիոյ ժողովուրդին, կորսնցուցած ըլլալով մեծ թիւով ձեռներեց տնտեսավարներ եւ հմուտ առեւտրականներ: Իւրաքանչիւր Սուրիոյ բնակիչին նաեւ հայորդիին փափաքն ու բաղձանքն է, որ ամենակարող Աստուած իր քղանցքին տակ առնէ ու պահէ Սուրիոյ ամբողջ տարածքը եւ խաղաղութիւն հռչակէ, փոխարինելու այն ամէն ինչը, որ վերջին տարիներուն թշնամին խլեց: Ու կամքէ անկախ բնօրրանէն հեռացած   կառուցող  եւ աշխատասէր  խաւը իր բոլոր ղեկավարներով կրկին վերադառնայ կերտելու, եւ վերապրեցնելու իր օճախը: Կ'ուզեմ եզրափակել իմ խօսքը Ղազարոս Աղայեանի  «Ծիծիռնակ»ի  օրինակով՝

«Նա յիշում էր անցած տարին իր սնուցած ձագերին ,

Որոնց ճամբին յափշտակեց արիւնարբու թշնամին,

 Բայց նա կրկին բոյն էր շինում եւ շինում էր եւ երգում,

Ամէն մի շիւղ կպցնելիս առաջուան բոյնն էր յիշում»: