image
Հրատապ լուրեր:

Արա Կիւլէր Իր Թանգարանը Պիտի Ունենայ Երեւանի Մէջ

Արա  Կիւլէր Իր Թանգարանը Պիտի Ունենայ Երեւանի Մէջ

 Թուրքիա- Պոլսոյ մեր  աղբիւրներէն   իմացանք, որ  Պոլսահայ  աշխարհահռչակ լուսանկարիչ ՝ «Իսթանպուլի աչք» Արա Կիւլէր,   իր թանգարանը  պիտի  ունենայ Երեւանի մէջ: Մեր աղբիւրին համաձայն, այս տեղեկութիւնը անձամբ Կիւլէրին փոխանցած է  Սեւ Ծովեան  տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան  մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ   Արսէն Աւագեան: Ըստ մեր աղբիւրին, Աւագեան, որ  երէկ հանդիպում մը ունեցած է Կալաթասարայ շրջանին մէջ  գտնուող  եւ մեծ վարպետի  սեփականութիւնը  եղող  ՝  «Արա Քաֆէ»ին  մէջ,   տեղեկութիւններ  փոխանցած է Կիւլէրին Հայաստանի  կառավարութեան կողմէ   տրամադրուած հողաշերտին  մասին, ուր մօտիկ   ապագային    Կիւլէրի տուն-թանգարանը  պիտի    կառուցուի: Յիշեցնենք, որ նախօրօք հաղորդած էինք, թէ     մեծ արուեստագէտը հարիւրի  հասնող լուսանկարներ  նուիրած էր  Հայաստանի ազգային պատկերասրահին: