image
Հրատապ լուրեր:

Ատելութեան խօսքը կը շարունակուի Թուրքիոյ մէջ. Գլխաւոր թիրախը հայերն են

Ատելութեան խօսքը կը շարունակուի Թուրքիոյ մէջ. Գլխաւոր թիրախը հայերն են

Պոլսոյ «Մարմարա»էն կը կարդանք.  

Թրքական ընդդիմադիր «Տիքէն» լրատու կայքէջը լրատւութիւն մը հրապարակած է` մամուլի մէջ հայերու եւ հրեաներու դէմ տեղ գտած ատելավառ գրութիւններու մասին:

Կը նշուի, որ 2018-ին թրքական մամուլի մէջ հրապարակուած է առնուազն 4839 յօդուած, ուր սլաքներ ուղղուած էին էթնիք եւ կրօնական խումբերու դէմ: Այս կարգէն 205 յօդուածներուն մէջ ատելութեան խօսք եղած է միաժամանակ քանի մը էթնիք կամ կրօնական խումբերու դէմ:

Ընդհանուր առմամբ ազգայնամոլ մամուլի մէջ թիրախ առնուած են 98 տարբեր խումբեր: Մասնաւորաբար հրեաներու դէմ մամուի մէջ հրապարակուած է առնուազն 1133, հայերու դէմ՝ 973 լրատւութիւն: Ապա յաջորդաբար՝ սուրիացիներու դէմ՝ 918 յօդուած, յոյներու դէմ՝ 672, տեղւոյն յունական համայնքի դէմ՝ 439, քրիստոնեաներու դէմ՝ 370 լուր:

Հայերու դէմ յօդուածները մասնաւորաբար առնչուած են Խոճալուի դէպքերու եւ 1915-ի ողբերգութեան մասին լուրերուն: Հայերը ներկայացուած են որպէս թշնամի:

Սուրիացիները կը մեղադրուին գողութեան ու զանազան յանցագործութիւններու ամբաստանութեամբ եւ դիտուած են որպէս հաւանական յանցագործներ:

Նշենք, որ ատելութեան խօսքով լուրերու 40 տոկոսը հրատարակուած է երկրի կարեւոր լրատուամիջոցներու մէջ, իսկ 60 տոկոսը՝ նահանգներու ու քաղաքներու տեղական թերթերուն մէջ:

Այդպիսի թերթեր են՝ «Եէնի Աքիթ»ը, «Միլլի Կազէթէ»ն, «Ենիչաղ»ը, «Միալթ»ը, «Տիրիլիշ Փոսթաս»ը, «Եէնի Գոնիա»ն, «Իսթիքլալ»ը, «Սամսուն Տէնկէ»ն, «Անգարա Անատոլու»ն եւ «Մէրսին Իմէճէ» թրթերը: