image

Ֆրանչիսկոս Պապը դէմ է ցկեանս բանտարկութեան

Ֆրանչիսկոս Պապը դէմ է ցկեանս բանտարկութեան

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը կը կարծէ, որ ցմահ բանտարկութիւնը նոր սկիզբի յոյս ունենալու սահմանափակում է: Ինչպէս կը հաղորդէ «Թասս» գործակալութիւնը, Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետը այս մասին յայտարարած է շաբաթ ոստիկանութեան քրէակատարողական ծառայութեան ներկայացուցիչերու հետ հանդիպման ժամանակ:


«Ցմահ ազատազրկումը խնդիրներու լուծում չառաջարկեր, այլ խնդիր կը ներկայացնէ: Քանի որ կարելի չէ զրկել մարդը նոր սկիզբի իրաւունքէն: Ամէն հասարակութիւն պարտաւոր է աջակցիլ յոյսի պահպանման եւ ընել ամէն ինչ, որպէսզի պատիժը չխախտէ յոյս ունենալու եւ հաշտութեան նոր փորձի իրաւունքը»,- ըսած է Ֆրանչիսկոս պապը:

Վերջինս նշած է նաեւ, որ գերծանրաբեռնուած բանտերը կը դառնան ցասման աղբիւր եւ ոչ թէ «ուղղիչ վայր»: