Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը մայրը։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ Վեհափառ Հայրապետի դիմատետրի պաշտօնական էջը։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Տիրամայր Լուսին Քէշիշեանի (Ծնեալ Գոֆթիկեան 1928-ին, Աղէքսանտրէթ) յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուին յառաջիկայ չորեքշաբթի օր Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։