image

Սինանեան Հայաստանի մէջ սփիւռքը ներկայացնող նոր մարմնի մը կազմութեան մասին խօսած է

Սինանեան Հայաստանի մէջ սփիւռքը ներկայացնող նոր մարմնի մը կազմութեան մասին խօսած է

2020-ին կը նախատեսուի ստեղծել համահայկական խորհրդատուական մարմին, որով սփիւռքը ներկայացուած պիտի դառնայ Հայաստանի մէջ: Այդ մասին Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան յայտարարած է Մոսկուայի եւ ՌԴ տարբեր քաղաքներէն ժամանած երիտասարդ հայ գործարարներու եւ հայ համայնքի շարք մը գործունեայ ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ:

Հանդիպումը տեղի ունեցած է Մոսկուայի Ժողովրդական տնտեսութեան նուաճումներու տարածքին մէջ գործող հայկական «Արմենիա» տաղաւարին մէջ: Ողջունելով ներկաները` Զարեհ Սինանեան ներկայացուցած է Հայաստանի զարգացման տեսլականն ու ընթացիկ արդիւնքները:

Խօսելով Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի մասին` Սինանեան յայտարարած է, որ գրասենեակը այժմ սփիւռքի հետ աշխատանքի օրակարգն ու ճանապարհային քարտէզը կը մշակէ, իսկ արդէն 2020-ի ամրան կը նախատեսուի կազմակերպել երեք համաժողով: Առաջինը պիտի ըլլայ Հայաստան-սփիւռք համահայկական համաժողովը, որ ամբողջութեամբ տարբեր պիտի ըլլայ նախկին համաժողովներէն, պիտի ունենայ յստակ օրակարգ, պիտի քննարկուին խնդիրներ եւ պիտի իրագործուին տարբեր նախագիծեր: Համաժողովի նպատակներէն է նաեւ համահայկական խորհրդատուական մարմինի ստեղծումը, որով սփիւռքը ներկայացուած պիտի դառնայ Հայաստանի մէջ:

Ըստ Գլխաւոր յանձնակատարին` երկրորդ համաժողովը պիտի համախմբէ սփիւռքի մէջ ապրող քաղաքական գործիչները եւ պետական պաշտօնեաները եւ նպատակ պիտի ունենայ առաջարկներու փաթեթ եւ քաղաքականութիւն մշակել: Երրորդ համաժողովը պիտի ըլլայ տնտեսական` ընդհանուր հարթակ ստեղծելով սփիւռքի գործարարներու համար, կը յայտնէ ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը:

Քննարկուած է Հայաստանի պետական կառավարման համակարգին մէջ սփիւռքահայեր ներգրաւելու եւ առկայ օրէնսդրական խոչընդոտները վերացնելու շուրջ: Հաւաքուածներուն մեծ մասը հետաքրքրուած էր Հայաստանի մէջ գործարարութեան արտօնութիւններով, IT ոլորտին մէջ ներդրումներով, հնարաւոր համագործակցութեամբ:

Պատասխանելով բոլոր հարցումներուն` Սինանեան նշած է, որ պատրաստ է սերտ համագործակցելու, նպաստելու միւս գերատեսչութիւններու հետ կապերու ստեղծման եւ համակարգելու ընթացքը: «Այս հաւաքներուն նպատակն է նախեւառաջ, որ ձեզմէ կարենամ լսել ձեր խնդիրներուն մասին, հասկնալ` դուք ինչ լուծումներ կը ցանկաք, ինչ համագործակցութիւն կը պատկերացնէք, եւ միասին առաջ շարժինք»,- իր խօսքը եզրափակած է Սինանեան: