image

Ինչէ՞ն կը մեռնին լիբանանցիները (Լուսանկար)

Ինչէ՞ն  կը մեռնին   լիբանանցիները (Լուսանկար)

Լիբանանեան  մամուլի  ամէնէն     տարածուած  ներկայացուցիչները այսօրուան  իրենց  թիւի առաջին ճակատով հրապարակած են   քարտէզ մը, որ մանրանասնութիւններ ցոյց կու տայ  Լիբանանի մէջ   քաղցկեղէն   մահացողներու ընդհանուր թիւերով եւ տեղաբաշխման  մասին։

  Պարբերականներուն կցուած  լուսանկարը,  որ պատրաստուած է       աշխարհագրական  տուեալներ հաւաքագրող  GIS   ծառայութեան   միջոցով կը նշէ, որ մահացութեան  շատ բարձր    պարագաներ գրանցուած են   լիբանանեան  Պեքաա  շրջանի Պար  Էլիաս    գաւառակին մասին,  ուր    քաղցկեղէ  մեռնողներուն  թիւը  գերազանցած է բոլոր   կանխատեսումները։

  Եղած  աշխատութիւնը կը  նշէ նաեւ, որ մահացութեան եւ քաղցկեղով հիւանդանալու   պարագաները  անմիջական  կապ  ունին    այդ շրջանին մէջ գրանցուած  ջուրի աղտոտուածութեան մակարդակի      աճին հետ։

 Լիբանանեան   այդ  շրջանին  մէջ   ըմպելի  ջուրի  սուր տագնապ կայ, ինչպէս  նաեւ      գիւծացիները  իրենց բերքերը    ջրելու համար կ՚օգտագործեն  կեղտոտուած  եւ   թունաւոր  ջուր։

 

 Կը նշուի  նաեւ,  որ   յատկապէս    Պար Էլիաս  շրջանին մէջ    կոյուղիներու լուրջ  խնդիր կայ եւ           արթիզեան աղբիւրներու   ջուրը խառնուած  է  կոյուղիներու ջուրին հետ։

 

 Յիշեցնենք, որ մօտիկ անցեալին  մեծ թիւով հայեր  կ՚ապրին Պար Էլիասի մէջ եւ այդ  շրջանը  կը գտնուի     Այնճար  հայկական   աւանի  ճանապարհին, որ բարեբախտաբար  ջրային պաշարներու  կամ  թունաւորուած   ջուրի   խնդիրներ չունի։