image

Հրատապ. Լարուած իրավիճակ Լիբանանի մէջ. «Հըզպալլա» թիրախ դարձուցած է իսրայէլեան թանկ մը

Հրատապ. Լարուած իրավիճակ Լիբանանի մէջ. «Հըզպալլա» թիրախ դարձուցած է իսրայէլեան թանկ մը

Ապահովական սուր զարգացումներ կը գրանցուին Լիբանանի մէջ:Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրը նշեց, որ «Հըզպալլա» յատուկ գործողութեամբ մը թիրախ դարձուցած է սահմանային «Աւեեւիմ» քաղաքին մէջ գտնուող իսայէլեան  ռազմական   կառք մը  մը:

Իր կարգին «Հըզպալլա»ի մէկ բանբերը հաղորդեց, որ «Հըզպալլա» յաջողութեամբ պսակած է իր գործողութիւնը եւ թիրախ դարձուցած է իսրայէլեան  զրահապատ   կառք մը։

Յիշեցնենք, որ այս զարգացումները տեղի կ'ունենան այն պահուն, երբ իսրայէլեան հրետանին ծանր ձեւով կը ռմբակոծէր լիբանանեան սահմանային քաղաքներ, յատկապէս հարաւի Մարուն Ալ-Ռաս քաղաքը:

Կը յայտնենք նաեւ, որ շաբաթ մը առաջ իսրայէլեան անօդաչու սարքեր յատուկ գործողութիւն մը կատարած էին Լիբանանի հարաւային արուարձաններու ուղղութեամբ եւ երկու անօդաչու սարքեր ինկած էին «Հըզպալլա»ի կեդրոնատեղի համարուող կառոյցներու վրայ:

Այդ դէպքերէն ետք, «Հըզպալլա»ի առաջին քարտուղար Սայիտ Հասան Նասրալլա պատկերասփռուած ելոյթ մը ունենալով, յայտարարած է, որ «Հըզպալլա» անպայման պիտի հակադարձէ իսրայէլեան նկրտումներուն եւ Լիբանանը ապահովական թիրախ դարձնելու իսրայէլեան բանակի փորձերուն: