image

Ճեզիրէն նոր Առաջնորդական փոխանորդ ունի. Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեանը նշանակուած է այդ պաշտօնին

Ճեզիրէն    նոր  Առաջնորդական փոխանորդ ունի.  Հոգշ.  Տ. Լեւոն  Աբղ.  Եղիայեանը   նշանակուած է   այդ  պաշտօնին

Մեծի Տանն  Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան     պաշտօնական կայքէջէն  վերահասու կը դառնանք, որ   Միաբանութեան երիտասարդ  միաբաններէն  Հոգշ. Տ.Լեւոն Աբղ.  Եղիայեան      նշանակուած է  Ճեզիրէի  թեմի    Առաջնորդական Փոխանորդի  պաշտօնին։

 Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Ճեզիրէի թեմի      Առաջնորդական     Փոխանորդ      Տ. Ռուբէն Աբղ.  Նալպանտեան  վերադարձած է Անթիլիաս   եւ զինք պիտի   փոխարինէ  Հայր  Լեւոն  Եղիայեանը։

 

Յիշեցնենք, որ վերջին շրջանին   Ճեզիրէի    Թեմի  կեդրոն համարուող Գամիշլիի   մէջ (ուր  կը գտնուի   թեմի   առաջնորդարանը)     առկայ որոշ  տարակարծութիւններու  հետեւանքով  խնդիրներ ծագած էին, որմէ ետք ալ Բերիոյ Թեմի   նորանշանակ Տ.  Մասիս եպս. Զօպույեան    մեկնած էր Գամիշլի, որոշ տնօրինումներ   կատարելու նպատակով։