image
Հրատապ լուրեր:

Կիպրոս. ՀՀ տասնեակ քաղաքացիներ մնացած են օդակայանը

Կիպրոս. ՀՀ տասնեակ   քաղաքացիներ  մնացած են  օդակայանը

Կիպրոսի Լառնաքայի օդակայանէն տասնեակ հայեր չեն կրնար գալ Հայաստան: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է օդակայանին մէջ սպասող հայերէն Քրիսթինէ Մնացականեանը:

Ան նշած է, որ պէտք է թռիչքը ըլլար 4:30-ին, սակայն օդակայանին մէջ սկիզբը նոյնիսկ ուղեբեռը չեն ընդունած, քանի որ պարզ չէր, թէ օդանաւ պիտի գայ, թէ ոչ: «Յետոյ հասկցան, որ խուճապ է, 2 ժամ յետոյ ընդունեցին: Ըսին, որ երկու օդանաւ պէտք է գայ, եւ սկիզբը թող մօտենան փոքր երեխաներ ունեցողները եւ յղիները, քանի որ առաջին օդանաւով անոնց պէտք է ճանապարհեն»,-ըսած է ան եւ նշած, որ մինչեւ հիմա ոչ մէկը ճանապարհած են:

«Մինչեւ հիմա բոլորս օդակայանն ենք, եւ յայտնի չէ թռիչքի ժամը: «Սփութնիք Թրավըլէն» ոչ մէկ պատասխան կայ, անորոշ վիճակ է, տարբեր ժամեր ըսին, որ կ'ըլլայ օդանաւը, հիմա ալ կ'ըսեն, թէ չեն գիտեր՝ օդանաւ պիտի գայ, թէ պիտի չգայ: Հայաստանէն ընդհանրապէս պատասխան չկայ, այստեղէն ալ կ'ըսեն՝ տեղեակ չենք, երբ օդանաւը գայ, կ'իմանաք»,-ըսած է ան եւ նշած, որ տասնեակ հայեր այդ վիճակի մէջ են, եւ օդանաւի բոլոր տոմսերը վաճառուած եղած են: