image

Հրատապ. Թրքական բանակը կրակ կը բանայ անզէն սուրիացիներու վրայ. «Արեւելք»ի աղբիւր (Տեսանիւթ)

Հրատապ. Թրքական բանակը   կրակ կը բանայ  անզէն   սուրիացիներու վրայ. «Արեւելք»ի  աղբիւր  (Տեսանիւթ)

Թրքական բանակի  ստորաբաժանումներ մեծ  ճիգեր կը գործադրեն   Թուրքիա-Սուրիա  սահմանային հատուածէն հեռացնելու համար Իտլիպէն  խոյս  տալ  փորձող սուրիացի քաղաքացիները։

Այս մասին  «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ   սեփական  աղբիւրներէ։

Մեր ունեցած տուեալներուն համաձայն, անցնող      ժամերէն սկսեալ  լարուած  իրավիճակ  կը տիրէ   «Ալ  Պապ»  քաղաքի  կից   գտնուող  «Աթմա»  անցքին մօտ,  ուր  թուրք զինուորներ  կրակ  բացած են անզէն քաղաքայիններու վրայ։

Նոյն առումով    եւ յատկապէս ընկերային ցանցերու վրայ  Իտլիպի բնակիչներ խորհրդանշական  պատկեր մը տալ փորձելով՝ կը յայտարարեն, թէ «Էրտողան   պաղպաղակի մը փոխարէն ծախեց մեզ»։

 

Նշենք, որ  այս  զարգացումները տեղի կ՚ունենայ   Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած   Փութին-էրտողան հանդիպման   մը  աւարտէն      օրեր  անց, եւ     մէկէ աւելի    վերլուածաբաններու կարծիքով  Թուրքիա       ստիպուած եղած է  գործարք մը կատարել  եւ     այսպէս ասած  «ծախել» իր    դաշնակից  իսլամիստները։ Յառաջիկայ  օրերը  կարեւոր   օրեր կը համարուին,   յատկապէս  սպասելի է, որ Իտլիպի մէջ    գտնուող ռատիքալիստ  ահաբեկիչներ    կրնան դուրս գալ  եւ  այդպիսով  կարեւոր  քայլով մը Իտլիպը  դարձեալ կը վերադառնայ Սուրիոյ  իշխանութեան  «ծոցը»։