image

Իսրայէլացի երկու պատմաբաններ Թուրքիոյ «Սեւ ցուցակ»ին պիտի անցնի՞ն

Իսրայէլացի երկու պատմաբաններ Թուրքիոյ «Սեւ  ցուցակ»ին պիտի անցնի՞ն

Իսրայէլացի երկու  պատմաբաններու  հրապարակած  աշխատութիւնը  մեծ  աղմուկ բարձրացուցած է Թուրքիոյ մէջ։  Այս մասին կը գրէ  թրքական «Հապէր» կայքը, նշելով, որ խօսքը Իսրայէլացի պատմաբաններ Նեննի Մորիսի եւ Տրոր Զէեւիի համահեղինակութեամբ 2019 Ապրիլ 24-ին լոյս տեսած է «30 տարուայ ցեղասպանութիւն. Թուրքիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն ոչնչացումը (1894-1924թթ)» վերնագրուած հատորին մասին  է։

Գիրքին մէջ կը նշուի, որ Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան իշխանութիւններու հրամանով կոտորուած են շուրջ 4 միլիոն հայեր, յոյներ եւ ասորիներ։

Իսրայէլացի հեղինակները իրենց աշխատանքին համար օգտուած են հայկական խնդրի  աջակից թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամի, ցեղասպանագէտ Ռէյմոնտ Գէորգեանի, եկեղեցական, ազգային եւ հասարակական գործիչ Գրիգորիս Պալաքեանի եւ թուրք պատմաբան Ֆուաթ Տիւնտարի աշխատութիւններէն։

Պատմաբանները եկած են այն եզրակացութեան, որ 1915-16 թուականներուն իրադարձութիւնները լաւ փաստագրուած են, 1.5 միլիոն զոհերու ոճրագործութիւնը ցեղասպանութիւն անուանելը միանգամայն հիմնաւորուած է։

Մինչդեռ 30-ամեայ ժամանակահատուածի առաջին ու վերջին շրջանները, անոնց կարծիքով, աւելի լայն ուսումնասիրութիւններու կարիք ունին: