image

«Սուրիական ճգնաժամը կ՚ազդէ նաեւ Հայաստանի վրայ» Նախարար Մնացականեան

«Սուրիական ճգնաժամը կ՚ազդէ նաեւ Հայաստանի վրայ» Նախարար Մնացականեան

Հայաստանի պատմական կապերը եւ հայկական ներկայութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ  ունին քաղաքակրթական նշանակութիւն: Այս մասին  ելոյթ ունենալով դեսպաններու եւ դիւանագիտական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հաւաքի ժամանակ ըսած է արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը:

Անոր խօսքով՝ այդ կ'արտայայտուի այնպիսի արժէքներու մէջ, ինչպիսիք են հանդուրժողականութիւնն ու երկխօսութիւնը,  կրօններու՝ քրիստոնէութեան եւ իսլամի խաղաղ գոյակցութիւնը:

 

 Հայ ժողովուրդը աւանդական բարեկամութեան ամուր հիմքեր ստեղծած է Եգիպտոսի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի ժողովուրդներու հետ:

 

 «Սուրիական ճգնաժամը անմիջական ազդեցութիւն ունի Հայաստանի եւ տարածաշրջանին մէջ հայկական ներկայութեան վրայ եւ չի կրնար մատնուիլ անտարբերութեան։ Սուրիոյ մէջ գործող Հայաստանի մարդասիրական առաքելութիւնը կ'իրականացուի  այս մտահոգութիւնները հասցէագրելու նպատակով», - ըսած է նախարարը՝ աւելցնելով, որ Հայաստանը հետեւողականօրէն կ'ընդլայնէ իր ներգրաւուածութիւնը նաեւ Ծոցի երկիրներուն մէջ:

 

 «Հայաստանը մտադիր է զարգացնել իր յարաբերութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր երկիրներուն հետ առանց բացառութեան՝ հիմնուելով իր արտաքին քաղաքական հռչակած սկզբունքներուն վրայ», - ըսած է ԱԳ նախարարը: