image

Անգարա պարտաւոր է ազատ արձակել բոլոր լրագրողները. Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէ

Անգարա պարտաւոր է ազատ արձակել բոլոր լրագրողները. Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէ

Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէն Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ ըրած է ազատ արձակել  7 լրագրողները, որոնք ձերբակալուած էին 19 օգոստոսին՝ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքի մէջ բողոքի ցոյցի ժամանակ, կը փոխանցէ Ahval-ը: 

Տիարպէքիրի, Վանի եւ Մարտինի մէջ ցոյցերը սկսած էին, երբ Ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր ընտրուած քաղաքապետերու պաշտօնանկութեան մասին՝ անոնց մեղադրելով ահաբեկիչներու հետ կապերու մէջ:

«Նախագահ Էրտողանի կառավարութիւնը թրքական լրատուամիջոցներու վրայ ճնշումներու եւ իրենց աշխատանքը կատարելու համար լրագրողներու անարդարացի բանտարկութեան մեղմացման ոչ մէկ նշան չի դրսեւորեր»,- Նիւ Եորքի մէջ յայտարարած է CPJ ծրագրի տնօրէն Քարլոս Մարթինէս տե լա Սերնան: «Օգոստոս 19-էն կալանաւորուած լրագրողները, ինչպէս նաեւ տասնեակ այլ լրագրողներ, որոնք թրքական բանտերուն մէջ են իրենց աշխատանքը կատարելու համար, պէտք է անմիջապէս ազատ արձակուին»,- ըսած է ան: