image

Օգնենք հալէպահայ մեր հայրենակից Գօգօ Ստեփանեանին

Օգնենք  հալէպահայ   մեր հայրենակից  Գօգօ Ստեփանեանին

Սուրիոյ պատերազմին  հետեւանքով  Երեւան  հաստատուած      հալէպահայ  Գօգօ  Ստեփանեանը   կարիքն  ունի մեր  բոլորի   նիւթական  նեցուկին։

Գրիգորը, որ անցեալ շաբաթ   քանի մը օրով    մուտք  գործած  է հիւանդանոց      պէտք է շտապ կերպով ենթարկուի սրտի բաց  գործողութեան։

Այս  առումով  ալ  «Արեւելք»  կը դիմէ  իր ընթերցողներու լայն  շրջանակին,  օգնելու համար   շատերուն ծանօթ, ծառայասէր, բարի, ազգային ոգիի տէր    Գօգոյին։

Յիշեցնենք, որ նոյն խնդրին շուրջ  Գօգօն նոյնպէս գրառում մը կատարած է՝ բացատրելով իր ներկայ  իրավիճակը  եւ նիւթական  աջակցութեան     կարիքն ունենալը։

Գրառումը   ամբողջութեամբ  պիտի ներկայացնենք  աւելի   ուշ,   ու այսօր  պիտի խնդրենք մեր յարգելի   ընթերցողներէն  ու յատկապէս անոնցմէ, որոնք  նիւթական  լաւ  պայմաններ ունին՝  գրել «Արեւելք»    զոյգ  էջերուն (Arevelk.am like  page  եւ «Արեւելք լրատուական»)  իրենց  նեցուկը  հասցընելու  համար     հալէպահայ մեր հայրենակիցին։