image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան յառաջիկայ տարի օժանադկութիւն պիտի ստանայ ԱՄՆ-էն. Ծրագիրը չէ ջնջուած

Հայաստան յառաջիկայ տարի օժանադկութիւն պիտի ստանայ ԱՄՆ-էն. Ծրագիրը չէ ջնջուած

ԱՄՆ վարչակազմը որոշած է վերականգնել ֆինանսաւորումը 2019 թ. արտաքին օգնութեան ծրագրերու վերաբերեալ, ներառեալ ընթացիկ տարուան Հայաստանի համար նախատեսուած ամերիկեան օժանդակութիւնը:

Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ամերիկայի ձայնը»։


Թրամբի վարչակազմը ետ կանգնած է արտաքին օգնութեան ֆինանսաւորման կրճատման գաղափարէն: Ինչը կ'ենթադրէ արտաքին օժանդակութեան սառեցուած 4 միլիառ տոլարի վերականգնում:

Այսպիսով, պիտի ֆինանսաւորուին 2019 թուականի համար հաստատուած արտաքին օգնութեան ծրագրերը, ներառեալ ընթացիկ տարուան Հայաստանի համար նախատեսուած ամերիկեան օգնութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի 2020 թուականի ամերիկեան օգնութեան յատկացումներուն, ներառեալ Հայաստանին ու հայկական ծրագրերուն, ապա այս ուղղութեամբ քննարկումները պիտի շարունակուին ԱՄՆ Սենաթի մէջ, սեպտեմբեր ամսուն, երբ ԱՄՆ Քոնկրեսը վերադառնայ արձակուրդէն: Այդ կը վերաբերի նաեւ Հայաստանին յաւելեալ 40 միլիոն տոլարի յատկացման օրինագիծի փոփոխութեանն ու Լեռնային Ղարաբաղի ականազերծման ծրագրին:

Յիշեցնենք, որ նախագահ Թրամբի վարչակազմը կը ձգտէր դադրեցնել արտաքին օգնութեան ծրագրերու ֆինանսաւորումը՝ անոնք որակելով ոչ անհրաժեշտ եւ անիմաստ եւ սառեցուցած էր 4 միլիառ տոլարի տրամադրումը, որ արդէն հաստատուած էր Քոնկրէսի կողմէ:

«ԱՄՆ-ի մէջ յատկացումներու գործընթացը բաւականին բարդեցուած է: Նախ առաջարկութեամբ հանդէս կու գայ վարչակազմը: Այնուհետեւ արտաքին օգնութեան նախագիծը կը քննարկեն Քոնկրէսի երկու պալատները եւ կը յանգին համաձայնութեան ու վերջապէս, նախագահը կը ստորագրէ կամ չստորագեր օրինագիծը: Այս պահուն յարաբերութիւնները նախագահ Թրամբի եւ Քոնկրեսի միջեւ հակասական են»,- ըսած է քաղաքագէտ Էմիլ Սանամեանը:

Սակայն Սպիտակ տունը ետ կանգնած է արտաքին օժանդակութեան միջոցներու սառեցման եւ կրճատման գաղափարէն այն բանէն ետք, երբ յայտնի դարձաւ, որ շարք մը բարձրաստիճան օրէնսդիրներ դէմ են այս գաղափարին: Քոնկրէսի հաստատուած միջոցներու կրճատման ընդդիմացան ինչպէս դեմոկրատ, այնպէս ալ հանրապետական օրէնսդիրները:

«Այս վարչակազմը կը ցանկայ որքան հնարաւոր է քիչ ծախսել արտաքին օգնութեան ծրագրերու վրայ՝ քաղաքական ճնշում գործադրելով հնարաւորինս շատ կրճատումներ իրականցնելու համար»,- ըսած է քաղաքագէտ Էմիլ Սանամեանը:

Միեւնոյն ժամանակ վարչակազմը իր դժգոհութիւնը յայտնած է ԱՄՆ քոնկրեսականներու դիրքրորոշման կապակցութեամբ: Սպիտակ տունը յայտարարած է, որ ակնյայտ է, որ շատ քոնկրէսականներ չեն աջակցիր միջոցներու անիմաստ վատման դադարեցման ջանքերուն:

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ, դեմոկրատ Նենսի Փելոսին յայտարարած է, որ այդ օժանդակութեան դադարեցումը կը խախտէր կողմերու միջեւ վստահութիւնը պիւտճէի հաստատման գործընթացի շուրջ:

Իրենց հերթին հանրապետական երկու ազդեցիկ օրէնսդիրներ, սենաթոր Լինտսի Կրեհամն ու քոնկրեսական Հոլ Ռոճըրսը նշած են, որ արտաքին օգնութեան միջոցներու սառեցումը վնաս պիտի հասցնէր ազգային անվտանգութեանն ու հակաահաբեկչական ջանքերուն, ինչպէս նաեւ խնդիրներ պիտի ստեղծէ Սպիտակ տան եւ Քոնկրեսի միջեւ պիւտճէի հարցերով բանակցութիւններուն: