image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանցիներու ճնշումներուն հետեւանքով հայ մարզիկուհին հեռացուած է ճատրակի մրցաշարքէն

Ատրպէյճանցիներու ճնշումներուն հետեւանքով հայ մարզիկուհին հեռացուած է ճատրակի մրցաշարքէն

 

Թուրքիոյ Սըվազ (պատմական Սեբաստիա) քաղաքին մէջ մեկնարկած Ճատրակի միջազգային ֆետերացիայի (ՖԻԴԵ) հովանիի ներքոյ տեղի ունեցած ճկատրակի միջազգային մրցաշարի կազմակերպիչները չեղարկած են հայ մարզիկուհի Մարիա Գէորգեանի մրցաշարին մասնակցութեան հրաւէրը՝ ատրպէյճանական պատուիրակութեան պահանջով: Այս մասին կը գրէ BBC-ին:

 

Գէորգեանի՝ Facebook-ի մէջ իր վրդովմունքը արտայայտելէ ետք, կազմակերպիչները անոր սպառնացած են դատական գործ յարուցելով, այս մասին հայ մարզիկուհին պատմած է BBC-ին:

Մարիա Գէորգեանը ՖԻԴԵ-ի միջազգային վարպետ է, Հայաստանի ճատրակի կանանց եռակի ախոյեան եւ միջազգային մրցաշարերու մրցանակակիր:

Գէորգեանի խօսքով, ինք որեւէ յատուկ ցանկութիւն չէ ունեցած մասնակցելու թրքական մրցաշարին, սակայն 7 օգոստոսին հրաւէր ստացած է կազմակերպիչներէն, որոնք նաեւ առաջարկած են վճարել ճանապարհածախսի եւ կեցութեան համար:

Գէորգեանը, ի վերջոյ, համաձայնած է, սակայն շուտով կազմակերպիչներէն Մուսթաֆա Էրօղլուն չեղարկած է հրաւէրը:

Ան գրած է Գէորգեանին, որ ատրպէյճանցի ճատրակի մարզիկները վերջնագիր ներկայացուցած են. եթէ մրցաշարին հայ մասնակից ըլլայ, իրենք կը հրաժարին մասնակցելէ:

Գէորգեանը Facebook-ի իր էջին հրապարակած է Էրօղլուի հաղորդագրութեան լուսանկարը:

«Իւրաքանչիւր երկրի մէջ, ուր որ ելոյթ ունենամ, ես միշտ յարգանքով վերաբերած եմ բոլոր ընդդիմախօսներուն՝ անկախ անոնց ազգութենէն կամ քաղաքական հայեացքներէն»,- գրած է Գէորգեանը:

Մարիա Գէորգեանը բողոք յղած է ՖԻԴԵ-ին: Անոր խօսքով՝  հրաւէրի չեղարկումը իր ազգութեան պատճառով կը համարէ խիստ վիրաւորական:

Գէորգեանի հաղորդմամբ՝ Էրօղլուն կապուած է իր հետ եւ մեղադրած նամակագրութեան գաղտնիութիւնը խախտելու մէջ՝ սպառնալով դատի տալ: