image

Վառելանիւթի տագնա՞պ. Օգոստոս 29-ը փորձաքար պէյրութցիներուն համար

Վառելանիւթի տագնա՞պ.  Օգոստոս   29-ը  փորձաքար   պէյրութցիներուն  համար

Լիբանանի   մէջ վառելանիւթի  նոր տագնապ մը կրնայ ծագիլ։ Այս մասին տեղեկութիւնը    հաղորդող աղբիւրներ կը  նշեն, որ    Լիբանանի  վառելանիւթ  վաճառող կայարաններու  սենտիքան  հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով   յայտնած է, թէ  յառաջիկայ     29 օգոստոսին Լիբանանի մէջ  գործող  եւ վառելանիւթ   վաճառող բոլոր կայարանները միօրեայ  գործադուլի պիտի դիմեն։

 

 Հաղորդագրութեան  մէջ  նաեւ կը նշուի, որ կայաններ   սեփականատէրերը    երկար  քննարկումներէ ետք  սոյն որոշումին յանգած են, որովհետեւ     վնասները կը   կրեն երկրին մէջ ամերիկեան  տոլարի   սակագնի տատանումներուն եւ լիբանանեան  թղթոսկիին   նկատմամբ   պաշտօնական   սակագինին եւ «սեւ  շուկայ»ին  միջեւ առկայ երեւելի   տարբերութեան   հետեւանքով։

 Կը նշուի նաեւ, որ կայարանները     իրենց  վճարումները կը կատարեն    ամն  տոլարով եւ   քաղաքացիներէն   գանձուած   լիբանանեան  թղթոսկին   տոլարով փոխարինելու պարագային իւրաքանչիւր    ամերիկեան  տոլարին դիմաց  ստիպուած  կըլլան  վճարել  շուրջ 30  ամն  տոլար, որպէս տոյժ։

 

 Վարչապետ  Հարիրիի   կառավարութիւնը  մինչ  խոստացած   է  արագօրէն լուծել այս   բաւական սուր բնոյթ  ստացող    խնդիրը,  լիբանանցիները կը սպասեն   29 օգոստոսին,  որ այս հարցով  բաւական   ջրբաժանային  թուական մը  կրնայ  դառնալ  ամբողջ  Լիբանանին  համար։

 

 Արդեօ՞ք  պիտի դիմանան  լիբանանցիները այս  փորձութեան  եւս։

 Սպասենք  զարգացումներուն։