image
Հրատապ լուրեր:

«Արդար կռիւ եւ ...զօրաւոր ոգի».Լրացաւ Արցախի հերոս Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 26-րդ տարին

«Արդար կռիւ եւ ...զօրաւոր  ոգի».Լրացաւ Արցախի  հերոս  Մհեր Ջուլհաճեանի  նահատակութեան  26-րդ տարին

Այսօր իր լրումին հասաւ Լիբանանահայ հերոս, Արցախեան գոյամարտի մասնակից Մհեր  Ջուլհաճեան   նահատակութեան   26-րդ  տարելիցը։

 Արցախեան գոյամարտի առաջին  օրերէն  սփիւռքի   տարբեր  գաղութներէն  գաղափարական տղաք հասան Հայաստան եւ իրենց ազգային պարտականութիւնը կատարելու նպատակով   մեկնեցան Արցախ։

Մհեր Ջուլհաճեան  եղաւ առաջիններէն, որ  թողեց իր ընտանիքն  ու համեմատաբար հանգիստ պայմանները  մասնակցելու համար   Արցախեան   պայքարին։

Ցեղասպանութենէն ետք կազմուած  հայագաղութներուն մէջ ամէնէն առանցքային դերը կը վերցնէր լիբանանահայ գաղութը, որուն ամէնէն  արժանաւոր զաւակներէն մին հանդիսացաւ  ՀՅԴ անդամ  Մհեր Ջուլհաճեանը։  Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած  քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն Մհեր նոյնպէս մասնակից դարձաւ  հայկական  թաղամասերու պաշտպանութեան  կարեւոր  գործին  եւ այդ օրերուն եւս աչքի զարկաւ  իր գերազանցօրէն  գաղափարական զինուորի,  նուիրեալ  հայ մարդու  եւ   մեր ժողովուրդի շահերն ու հաւաքական անվտանգութիւնը ամէն բանէ վեր դասող զինուորեալ- մարտիկ։

Ու  հակառակ պատերազմական  բարդ   դրութեան  ու դժուարին օրերուն Մհեր  կարողացաւ  դառնալ, ոչ միայն մարտական ունակութիւններ ունեցող ռազմիկ, այլ նաեւ գաղափարական պատրաստուածութիւն  ունեցող    իսկական  գաղափարի    մարդ։

 

Տարբեր առիթներով ան   ստորագրեց  յօդուածներ,  ու  ներքոգրեալ   տողերը  կը պատկանին Մհեր Ջուլհաճեան գաղափարական մարդու մտաւոր աշխարհին։  Առիթով մը Մհեր գրեց ՝ «Կորսուած են նախաձեռնելու, գործելու ամէն ձեռնհասութիւն եւ դարձած ենք դիտող, պարզ ամբոխ. երիտասարդութիւնը դարձած է պատեհապաշտ այս կամ այն առիթներու եւ շահերու զոհ ըլլալով: Անհատականութիւններ գրեթէ գոյութիւն չունին, իսկ շատ մը անհատականութիւններ` հակադրուելով ուրիշներու, կը ճզմուին եւ կը կորսուին խօսքերու եւ բամբասանքներու ծովուն մէջ»:

 Իսկ  մտածելով  Արցախեան  պատերազմի ընդհանուր  դրութեան մասին Մհեր նկատել  տուաւ, որ  ցանկացած  պատերազմի  պարագային  գերակշռողն  ու   առաջնայինը  պատերազմ  մղելու կամքն  ու ոգին են։  Այդ մասին ան գրեց՝ «Թուական ու զինական գերազանցութիւնը միայն ժամանակաւոր յաջողութիւն կրնայ բերել… Վերջնական յաղթանակը անոր է, որ աւելի կազմակերպուած ու խորաթափանց է, որ արդար կռիւ կը մղէ եւ ոգին աւելի զօրաւոր է: Իսկ ասոր համար, անշուշտ, անհրաժեշտ է համայն հայութեան զօրակցութիւնն ու յանձնառու կեցուածքը»:

 

 

  Մհեր Ջուլհաճեան նահատակուեցաւ   ճիշդ այսօրուան նման  23 օգոստոս 1993-ին  իր չորս    այլ զինակից  ընկերներուն՝ Մերուժան Մոսիեանի, Արտակ Մնացականեանի, Լեւոն Համբարձումեանի եւ Ռուդիկ Աւագեանի հետ  Արցախի Մարտունի շրջանի Մարզիլի գիւղին մօտ, երբ  կը  կատարէին  մարտական  պարտականութիւն։  

 

 

 

   Կենսագրական  գիծեր

     Ծնած է 28 նոյեմբեր 1967-ին, Պէյրութ: Պատանի տարիքին կ՛անդամակցի ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան: 1984-ին մաս կը կազմէ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին: Մհեր ԼԵՄ-ի մէջ կը ստանձնէ վարչական եւ այլ բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ, միշտ պատնէշի վրայ մնալով` լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան ամէնէն դժուարին պայմաններուն մէջ: 1986-ի փետրուարին Մհեր կը մտնէ Պէյրութի ամերիկեան համալսարան, կը հետեւի բնագիտութեան ճիւղին եւ 1989 դեկտեմբերին կը ստանայ գիտութեան պսակաւորի վկայականը: Համալսարանական ուսումը կը շարունակէ երկրաբանութեան բաժանմունքին մէջ: 1989-ին Մհեր Ջուլհաճեան կը նշանակուի ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան վարիչ եւ այս պարտականութիւնը կը կատարէ մինչեւ մարտ 1991: 1990-ի հոկտեմբերին ան կու տայ դաշնակցականի իր երդումը եւ կ՛անցնի ՀՅԴ ԶՈՄ-ի շարքերը: 1992-ին կ՛ամուսնանայ եւ կը մեկնի Հայաստան: Կը նահատակուի   Հայաստան  փոխադրուելէն   մէկ տարի անց 1993-ին։

 Յաւերժ   փառք Մհեր Ջուլհաճեանի ու իր նման  գաղափարական զինուորներու   յիշատակին։