image

«Յեղափոխական երգերը հայկական շարականներու մէկ օղակն են ..» Արմատներով հալէպահայ Գօգօ Թիւթինճեան

«Յեղափոխական երգերը  հայկական  շարականներու    մէկ  օղակն են ..» Արմատներով հալէպահայ Գօգօ Թիւթինճեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  արմատներով հալէպահայ   երգիչ՝ Գօգօ Թիւթիւնճեանը:


-Մեզմէ   շատեր  գիտեն, որ դուք  յայտնի, ազգային յեղափոխական երգերու անմահանուն մեկնաբան Ճօրճ Թիւթիւնճեանի հարազատն էք: Ի՞նչ եղած է անոր արուեստին ազդեցութիւնը ձեր վրայ:


Նախքան պատասխանելս այս հարցին, կ'ուզեմ յիշեցնել, որ    իմ ազգականներս՝  Թիւթիւնճեանները  կը գործէին որպէս Թիւթիւնճեան եղբայրներ, երեք եղբայր էին, մեծ հօրեղբայրս՝  Անդրանիկ թմբկահար է, հօրեղաբայրս՝    Ճօրճը երգիչ էր,    եւ  հայրս ՝ Ժան Յակոբ Թիւթիւնճեան,  օրկ  կը նուագէր:  Անոնք   արուեստի եւ  երգի  հանդէպ  սէրը ժառանգած էին մեծ հօրմէս։ Ըսեմ  նաեւ, որ մեր գերդաստանին մէջ   մեծ   եղած է թիւը արուեստի  գործիչներու...։

Հետեւաբար,  այո, շատ մեծ ազդեցութիւն ձգած է հօրեղբայրս իմ վրաս: Փոքր տարիքէս ես միշտ մտիկ  կ՚ընէի անոր    կատարումները եւ   մեծապէս ազդուած  եմ  անոր կատարելու ձեւէն   ու  ոճէն։

 

-Այսօրուայ դրութեամբ սփիւռքի մէջ ո՞ւր է տեղը ազգային յեղափոխական երգերուն, հետաքրքրութիւն կա՞յ այդ երգերուն նկատմամբ, ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին:


Մինչեւ    օրս սփիւռքի մէջ  մեծ հետաքրքութիւն կայ  յեղափոխական երգերուն  հանդէպ։

Ու շատերու կարծիքով ալ  այդ  երգերը   հայապահպանութեան  մեծ  խթան են։  Այդ   երգերը   խառնուած են   մեր ժողովուրդի  արեան, քանի որ մենք հայրենիքէն դուրս ենք, հայրենիքի կարօտով ապրած ենք եւ այդ երգերը սրբազան երգեր են մեզի համար: Ուր որ ալ գտնուած եմ,   ուզած եմ  յեղափոխական երգեր  կատարել   ու նաեւ նկատած եմ, որ սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ ալ ժողովուրդը ծարաւ է այս երգերուն ... :

 

Յաճախ  շատ անուններ կը լսենք, որոնք սփիւռքի մէջ ազգային յեղափոխական երգեր կը մեկնաբանեն: Ձեր մտքին մէջ անուններ կա՞ն որոնց կ'առանձնացնէք, որոնք մաքուր արուեստ կը ներկայացնեն եւ արժանի են յիշատակութեան:


Ես շատ ուրախ եմ, որ շատ երգիչներ ունինք, որ յեղափոխական երգեր կ'երգեն: Անշուշտ անոնցմէ ամէն մէկը, բարեբախտաբար, իրեն   յատուկ   ոճ մը ունի   եւ այդ մէկը  ինքնին  հարստութիւն է։  Այստեղ կ՚ուզեմ յիշատակել   մեր  բոլորին  կողմէ   սիրուած   Գառնիկ Սարգիսեանի,  Յարութ Փամպուքճեանի եւ Ներսիկ Իսփիրեանի    անունները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը, ինչպէս վերը  ըսի  իր իւրայատուկ ոճը ունի։   Անշուշտ  կ՚ուզեմ  յատուկ  կերպով  յիշատակել  իմ   հօրեղբայր   Ճօրճ Թիւթիւնճեանը, որ   նոր դպրոց մը  հանդիսացաւ  ազգային-յեղափոխական  երգերու  ոլորտին մէջ։  

 

-Ձեր կողմէ ամէնէն շատ սիրուած ազգային յեղափոխական երգը ո՞րմ էկն է, որ կը սիրէք յաճախ մեկնաբանել, եւ ինչո՞ւ:


Ես բոլոր եգերն ալ կը սիրեմ եւ ապրումով կ'երգեմ, բայց ձեր հարցումին որպէս պատասխան,  ըսեմ, որ շատ   սիրած եմ Սերոբ Աղբիւրի երգը ՝«Գնդակ որոտաց»ը, որովհետեւ անոր մէջ գտած եմ խրախուսելի ուժ, որ  նաեւ կ՚ամփոփէ     մեզի համար  շատ կարեւոր  «մահ, կա՛մ ազատութիւն»   գաղափարը։  

 

-Շատեր կ'ըսեն, որ Ճօրճ Թիւթիւնճեանը  իւրայատուկ դպրոց մը ստեղծեց ազգային յեղափոխական երգերու ոլորտին մէջ: Ձեր կարծիքով ի՞նչ էին անոր առանձնաշնորհումները, ի՞նչ են յատկանիշները, որ կարողցաւ իրապէս տիրական անուն դառնալ այդ ոլորտին մէջ:


Բոլորս ալ գաղթականութեան զաւակներ եղած ենք, իր օրերուն, հայ ազգը գաղթականութենէ ելած, Տէր Զօրի, անապատներէն  անցած ու փրկուած     հերոս  ժողովուրդ էր: Ճիշդ  այդ  օրերէն  ետք, ինք եղաւ   յեղափոխական երգերու   առաջին մեկնաբանը  եւ  անոր   երգերուն   շուրջ է, որ ամփոփուեցաւ մեր  հերոս    ժողովուրդը ...

Այդ  տարիներուն էր, Սուրիա-Լիբանան    Եգիպտոսի հետ  միասնութիւն մը՝ «Ուահտէ»  կազմեցին։ 1955, 56, 58 թուականներուն, այս երեք եղբայրները քաջաբեր նուագեցին, երգեցին մեր յեղափոխական երգերը, առանց ականջ տալու սպառնացող վտանգներուն, այդ մէկը շատ մեծ քաջութիւն էր։ Անոնք   յաճախ  հալածուեցան,  պետական մարմիններու կողմէ նեղութիւններ կրեցին, ճնշումներու ենթարկուեցան եւ նոյնիսկ   հարցաքննուեցան ...  սակայն  առանց վախնալու, քաջաբար,   երգեցին ու զարկ տուին մեր    յեղափոխական երգերուն:  Նաեւ  այս  է պատճառը,    որ   շատ  եղաւ թիւը  անոնց, որոնք  սիրեցին  եւ գնահատեցին Թիւթիւնճեան  եղբայրներու   ստեղծած  արուեստը։

 

-Դուք նաեւ մեկնաբան էք յեղափոխական երգերու, ինչո՞ւ ընտրած էք այդ ոլորտը, ի՞նչ է պատճառը, ի՞նչ կ'ուզէք հասցընել այդ երգերու ճամբով, ի՞նչ է իրական պատգամը:


Ես նախքան երգելս, փոքր տարիքէս՝ 6-7 տարեկանէս, յաճախած եմ Հալէպի Սուրբ Գր. Լուսաւորիչ եկեղեցին, որպէս դպիր, ներկայիս, անարժանաբար, սարկաւագ եմ, եւ հաւատացած եմ հետեւեալին՝ մեր ազգային- յեղափոխական երգերը մեր շարականներու երկրորդ օղակն  են ... Մէկ  խօսքով  մեր  շարականներն ու   ազգային  երգերը իրար  հետ  օղակուած են, որովհետեւ մեր ժողովուրդը զոհուած է իր պատիւին, իր ազգութեան, իր լեզուին եւ իր կրօնքին համար, ու  անոր համար հաւատացած եմ, որ այս երգերը երկրորդ օղակ մըն են մեր շարականներուն:

Յեղափոխական երգերն են, որ մեզ կը խրախուսեն,  եւ մեզ հայ կը պահեն։

Ներկայիս Գանատա եմ, եւ  անշուշտ     որոշած եմ  քալել   իմ նախնիներուս ճանապարհէն... Քանի դեռ շունչ կայ թոքերուս մէջ եւ արիւն՝ երակներուս մէջ, ես սիրայօժար    կերպով  ու  մեծ  ապրումով պիտի երգեմ մեր  սրբազան երգերը։