image

Օգոստոս ամսուան աւարտին Հալէպն ամբողջութեամբ պիտի լուսաւորուի

Օգոստոս  ամսուան աւարտին    Հալէպն ամբողջութեամբ  պիտի լուսաւորուի

  Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի բնակչութեան 80 տոկոսէն աւելին  արդէն ապահովուած    է ելեկտրականութեամբ,  այս մասին   յայտարարած է  Հալէպի   ելեկտրականութեան   ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն  ՝ Մոհամմէտ  Սոլլան:

 Ան նաշեւ նշած է, որ մինչեւ այս  ամսուան աւարտը   ամբողջ Հալէպը  լուսաւորուած   պիտի ըլլայ։

 Սոլլա  նաեւ նշած  է,  որ     մասնաւորապէս  «Սալլահէլտին»  շրջանին  մէջ    կարեւոր աշխատանքներ  կը կատարուին  եւ այդ շրջանին  մէջ ահաբեկիչ  զինեալներ մեծ  վնասներ տուած են    ամբողջ քաղաքը  ելեկտրականութեամբ  օժտող   գլխաւոր կայաններուն։ 

 

 

 Յիշեցնենք, որ Հալէպ  սկսած է   թօթափել   պատերազմին հետեւանքով երեւելի դարձած  ջուրի,  եւ  ելեկտրականութեան  տագնապներուն, մինչ   շրջափակման հետեւանքով   երեւան ելած  նաւթի  եւ կազի  տագնապները  կը շարունակուին։   

 

Լուրը ՝ «Արմէնբրէս»էն