image

Սուրիոյ մէջ հայութիւնը ապրած է սիրոյ մթնոլորտի մը մէջ.Դամասկահայ գործիչ՝ Սարգիս Պուռունսուզեան

Սուրիոյ մէջ  հայութիւնը ապրած է   սիրոյ  մթնոլորտի  մը  մէջ.Դամասկահայ  գործիչ՝ Սարգիս Պուռունսուզեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ դամասկահայ գործիչ Սարգիս Պուրունսուզեան:

 

-Ամբողջ պատերազմի ընթացքին ի՞նչն էր, որ շատ յիշարժան մնաց, ձեր մտքին   մէջ,  այլ խօսքով    որ դէպքն էր, որ  ձեր  հոգիին մէջ փորագրուեցաւ:

Շատ յուշեր կան, որ անբաժանելի են եւ իմ հոգւոյս մէջ որոշ հետք ձգած են: Առաջինը կրնամ ըսել այդ դէպքերուն, երբ  ահաբեկիչ զինեալները կը փորձէին ահաբեկել նամանաւանդ մեր հայկական շրջանները (քանի որ մենք արեւելեան շրջանին մօտ ենք եւ արեւելեան շրջանները միշտ ռումբերու թիրախ կը դառնային), չեմ մոռնար երբեք, մեր հայկական հաստատութիւնները երբեք չդադրեցուցին իրենց գործունէութիւնը: Ես Դամասկոսի մէջ Ճինիշեանի յիշատակի ձեռնարկի խորհրդատու մարմնի ատենապետն եմ եւ մեր գրասենեակը կը գործէ Դամասկոսի հայոց թեմի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ շջափակէն ներս, տիկիններուն կ'ըսէի՝ ռումբեր կը տեղան, խնդրեմ դադրեցուցէք ձեր գործը եւ ձեր տուները գացէք, բայց   ուժգին ոչ մը կը ստանայի իրենցմէ եւ կ'ըսէին, պրն. Սարգիս, մենք չենք ընդունիր մեր գրասենեակը փակել, որովհետեւ կրնայ ըլլալ ազգային մը որոշ ծառայութեան մը պէտք ունենայ եւ մենք պէտք չէ թերանանք: Այսպիսի կեցուածքներ ես երբեք չեմ մոռնար: Երբեք չեմ մոռնար,թէ ինչպէս 2015-ին Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած  բոլոր  միջոցառումները ըրինք եւ ես իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի կազմակերպիչ  մարմնի անդամ, մասնակցեցայ բոլոր ժողովներուն ու այդ  առումով ալ  չեմ մոռնար 24 Ապրիլի օրը,  երբ ամբողջ բոլոր հայութիւնը  ու  նաեւ տեղացի ժողովուրդը Հայոց Ցեղասպանութեան    նահատակներու  յիշատակին    մեծ     ցոյց  մը  ըրած էինք  ...  անտեսելով բոլոր  վտանգները, դամասկահայութիւնը քաջաբար   հարիւրամեակը պէտք եղած շուքով նշեց Դամասկոսի մէջ: Անհատական գըտնի վրայ  ալ ըսեմ, որ բաւականին  դժուար ժամանակներէ անցայ, սակայն  հակառակ   ամէն  տեսակի  բարդութիւններուն   կարողացայ  արաբերէն լեզուով   գիրք մը   պատրաստել   նուիրուած Դամասկոսի հայութեան։  Հատորս   աւելի ուշ՝ 2016-ի վերջաւորութեան հրատարակուեցաւ Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ: Հատորը  Դամասկոսի մէջ հայութեան ներկայութեան մասին կը    կը  պատմէ, սկսեալ Տիգրան  մեծի   օրերէն մինչեւ մեր  օրերը:

 

-Ի՞նչ կը մտածէք Հայաստանի կողմէն դէպի Սուրիա մարդասիրական առաքելութիւն կատարելու իրողութեան մասին: Ի՞նչ են արձագանգները ե՛ւ հայկական առումով, ե՛ւ արաբական շրջանակներու մօտ։

Այդ առաքելութիւնը շատ լաւ արձագանգ ձգեց Սուրիոյ հանրային կարծիքին մօտ: Ինչպէս որ գիտենք,   Մեծ Եղեռնի    ժամանակ Սուրիան առաջին կայքը եղած է հայ ժողովուդին եւ առաջին կեանքի ապաստարանը եւ այդ մէկը երբեք չէ մոռցած   մեր ժողովուրդը. սուրիացիներն են, որ մեր նախահայրերուն օգնութեան ձեռք երկարեցին եւ մեզ  մահէն փրկեցին: Այսօր  Հայաստանի  առաքելութիւնը իբրեւ պատմական իրադարձութիւն եւ իբրեւ պատմական պարտքի մը փոխհատուցումը կը տեսնէ սուրիացին. երէկուայ այդ եկող, ապաստանող հայուն որդին   Սուրիոյ տագնապի ժամանակ առաջին կողմերէն եղած է որ եկած եւ օգնած է սուրիացիին, ինչպէս որ 100 տարի առաջ սուրիացիները հայերուն օգնեցին եւ իբրեւ հաւատարմութիւն, հայութիւնը դարձեալ այդ պարտքը ուզեց ձեւով մը փոխհատուցել սուրիացի ժողովուրդին, իր ազգային կառավարութեան միջոցով:

Մենք իբրեւ հայ հպարտ ենք այդ օժանդակութիւններուն ի տես եւ երախտապարտ ենք, իսկ սուրիացիներն ալ շատ լաւ, դրական ձեւով կ'ընդունին   այս նախաձեռնութիւնը։ Ասի թէ՛ ազգային եւ թէ մարդկային դիտանկիւնէ շատ լաւ դրական քայլ մըն էր ՀՀ պետութեան կողմէ՝ Սուրիոյ ժողովուրդին եւ սուրիահայութեան համար:

 

-Իբր Սուրիահայութիւն, հայկական խնդիրնեու առումով ի՞նչ ակնկալութիւններ ունիք Դամասկոսի պաշտօնական մարմիններէն կամ պետութենէն:

Մենք իբրեւ հայ, մէկ ակնկալութիւն ունինք Սուրիոյ պաշտօնական շրջաններէն եւ սուրիական կառավարութենէն, որն է՝ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը սուրիական կառավարութեան կողմէ:

Սուրիացի պաշտօնաեաները, պաշտօնական անձնաւորութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ միշտ դրական կեցուածք ունեցած են, միշտ  թրքական ոճիրները դատապարտած են եւ մերժողական կեցուածք ունեցած են թրքական բոլոր ոճիրներուն    դէմ։  Իսկ  իբրեւ պաշտօնական դիրք, Սուրիան պաշտօնապէս չէ ընդունած հայկական ցեղասպանութիւնը: Մեծ յոյս ունիմ,  որ  մօտ օրէն սուրիական կառավարութիւնը օրէնքի մը միջոցաւ պիտի որդեգրէ եւ ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

 

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Սուրիահայութեան ապագան:

Սուրիահայութեան ապագան շատ դրական   կը տեսնեմ։ Հայութիւնը 1915-էն մինչեւ օրս կատարելապէս կը վայելէ Սուրիոյ պետութեան եւ Սուրիոյ ժողովուրդի խնամակալութիւնը, հիւրասիրութիւնը, բարեսիրութիւնը եւ հայութիւնը Սուրիոյ մէջ ապրած է միմիայն ընդհանուր սիրոյ մթնոլորտի մը մէջ: Ուստի, ես շատ լաւատես եմ հայութեան ապագայով, որովհետեւ անձամբ, ինչպէս յօդուածներուս եւ գիրքիս մէջ ալ բացատրած եմ, թէ հայութեան ներկայութիւնը պատմական ներկայութիւն մըն է Սուրիոյ մէջ, այսինքն հայութիւնը Սուրիոյ մէջ, իբրեւ   այդ  ժողովուրդի հիմնական բաղադրիչներէն մէկը, 100 տարուայ կեանք չէ որ ունի, ընդհակառակը, հայերը Սուրիոյ մէջ եղած են Ցեղասպանութենէն դարեր առաջ եւ հայերը պիտի գոյատեւեն Սուրիոյ մէջ Ցեղասպանութենէն դարեր վերջ:

Ուրեմն, հայութեան ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ որոշ պատմական դէպքի մը արդիւնք չէ, այլ հայութիւնը ունի իր արմատները եւ ամէնէն մեծ վկաները այդ մասին տասնեակ մշակութային յուշակոթողներն են, որ    կերտուած  են հայերու   ձեռամբ։Պատմութեան մէջ մենք միշտ կարդացած ենք, որ ժամանակ առ ժամանակ թիւերը յարաբերաբար կը փոխուին, բայց հայութիւնը իր պատմական ներկայութիւնը, մասնաւորապէս Սուրիոյ մէջ, պիտի շարունակէ ունենալ: Ի վերջոյ ես  շատ լաւատես եմ   սուրիահայութեան  ապագայի      վերաբերեալ, եւ այս մէկը միայն զգացական  զեղում մը չէ,  այլ  փաստերու վրայ  հիմնուած   տեսակէտ։