«Չինաստանը նոր խաղցողի դերով Սուրիոյ մէջ», այս խորագրով The nation կայքը հրապարակած է յօդուած մը, ուր կը նշէ թէ ԱՄՆ նախագահ՝ Տոնալտ Թրամփի Սուրիայէն քաշուելու յայտարարութենէն ետք, Չինաստանի դերը ընդլայնուած է Սուրիոյ մէջ:
Ըստ կայքին, Սուրիայէն Ամերիկայի նահանջին մէջ Չինաստանը «ոսկեայ առիթ» գտած է տնտեսականօրէն աւելի ընդարձակուելու ու ամրապնդելու «Գօտին եւ Ճանապարհը» նախաձեռնութիւնը, որ կը ձգտի վերակենդանացնել պատմական «Մետաքսի Ճանապարհը» ծրագիրը իրարու կապելով Չինաստանը, Ասիան եւ Եւրոպան:
Կայքը մատնանշած է թէ Չինաստանը նուիրած է 23 միլիառ ամն տոլար արժողութեամբ օժանդակութիւններ արաբական երկիրներու եւ յատկապէս Սուրիոյ, ուր գտած է Եգիպտոսի Սուէս նեղուցիը փոխարինող՝ սուրիական Լաթաքիան, որ կրնայ նպաստել նեղուցին գործունէութեան, միեւնոյն ժամանակ նուազեցնել Չինաստան-Եւրոպա առեւտրային ծախսերը:
Ըստ կայքին «Չինաստանը կը պատրաստուի առաջին դերակատարը ըլլալ Սուրիոյ վերաշինութեան ծրագրին մէջ, եւ այդ առընչութեամբ կազմակերպած էր Սուրիոյ վերաշինութեան առաջին ցուցահանդէսը յուլիս 2017-ին, ուր խոստացած է յատկացնել 2 միլիառ ամն տոլար «արդիւնաբերական տարածք» մը կառուցելու աշխատանքներուն:
Չինաստանը կը համարուի Սուրիոյ նաւթի ընկերութիւններու ամենամեծ գործընկերը, օրինակ՝ «Չինական ազգային նաւթային» ընկերութիւնը, որոշ բաժնատոմսերու տէրն է: Ինչպէս նաեւ «Հաուաուի» ընկերութիւնը ստանձնած է Սուրիոյ հաղորդակցական կապերու վերականգնումը մինչեւ 2020 թուական»:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, Չինաստանը ընդդիմացած է, Սուրիոյ նախագահ՝ Ասատի հեռացման պահանջին, եւ կողմնակից եղած է անոր արտաքին քաղաքականութեան, Սուրիան ինքնիշխան պահելու հարցով, որովհետեւ լաւ կը գիտակցի Ասատի իշխանութեան վրայ մնալու կարեւորութեանը, իր Միջին Արեւելքի ընդլայնման ծրագիրներու իրականացման գծով, եւ հակաամերիկեան առեւտրային քաղաքականութեամբ: Ասատին աջակցութիւնը Չինաստանի կողմէ, կը նպաստէ վերջինիս աւելի մերձենալու Սուրիոյ քան Իրանն ու Ռուսիան:
Կայքը կ՚եզրակացնէ, որ այս բոլորէն Չինաստանը կարեւոր դեր պիտի ստանձնէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, պայքարելու համար ԱՄՆ-ին դէմ , իր կողքին ունենալով նաւթ արտադրող մեծագոյն երկիրներէն մէկը: