image
Հրատապ լուրեր:

Իտլիպ. Սուրիոյ բանակը կարեւոր հարուած տուած եւ ետ մղած է ահաբեկիչները

Իտլիպ. Սուրիոյ բանակը  կարեւոր հարուած տուած եւ  ետ մղած է ահաբեկիչները

Սուրիական բանակը ետ մղած է ահաբեկչական խմբաւորումներու յարձակումը, որ ուղղուած եղած էր Իտլիպ նահանգի հարաւային կողմը գտնուող  բանակի դիրքերուն  դէմ: Այս մասին յայտնած է սուրիական «ՍԱՆԱ» պետական լրատուամիջոցը:

Ըստ գործակալութեան՝  սուրիական բանակի ջոկատները ետ մղած են իրենց կրակային յենակէտերու դէմ  յարձակումը, Իտլիպի հարաւային կողմը գտնուող ալ-Քասապիա գիւղին մէջ: Կառավարական ուժերը յաջողած են ոչնչացնել «Ճապհէթ ալ-Նուսրա» խմբաւորումէն շարք մը զինեալներ ու անոնց սարքերը:

Սուրիոյ զինուած հակամարտութիւնը կը շարունակուի 2011էն ի վեր: 2017-ի վերջաւորութեան յայտարարուած է թէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գործող «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ յաղթանակ տարուած է: