image

«Ո՜վ Աստուած ես քու ձեռքերուդ մէջ եմ, իրենց ձեռքերուն մէջ չեմ...» Գօգօ Ստեփանեան (Տեսանիւթ)

«Ո՜վ  Աստուած  ես քու ձեռքերուդ մէջ եմ, իրենց ձեռքերուն մէջ չեմ...» Գօգօ Ստեփանեան (Տեսանիւթ)

Տարբեր առիթներով    շատ լսուած  ու խօսուած է  այն   սուրիահայերուն  մասին, որ   պատանդ ինկած են  իսլամիստ զինեալներու  ձեռքը։

Անոնցմէ շատեր  սպաննուած   են,  իսկ  ուրիշներ   ալ  հրաշքի  համազօր եղելութիւնով մը   յայտնուած են ազատութեան  մէջ։

Տակաւին կան շատեր, որոնց ճակատագիրը  ցայսօր  ալ կը շարունակէ մնալ  անյայտ,  եւ որոնց ծնողները   կը  տառապին ու յաճախ կը հաւատան, որ պայծառ օր մը իրենց  զաւակները  ետ տուն  պիտի դառնան։

Իսլամիստ    զինեալներու  ձեռքը  պատանդ  ինկած  ու ապա      փրկուած  ու իր կեանքը    շարունակած    անձերէն մին է հալէպահայ  Գօգօ Ստեփանեանը։

Ի դէպ  օրերս  մեր տրամադրութեան  տակ   յայտնուեցաւ   կարճ տեսանիւթ մը, ուր Գօգօ  կը պատմէ, թէ  ինչպիսի դժուարին  ճանապարհէ անցած է, ինչ  նեղութիւններ ու վախեր տեսած է ու հակառակ  այդ    դժնդակ  պահերուն, երբեք  չէ  վհատած, եւ ոչ ալ կորսնցուցած է  իր քրիստոնէական  հաւատքն  ու  իսկական  հայու կամքը։

«Ո՜վ  Աստուած  ես քու ձեռքերուդ մէջ եմ, իրենց ձեռքերուն մէջ չեմ...» այս բառերով կը սկսի   Գօգօն  իր խօսքը, անգամ մը  եւս փաստագրելով, թէ  ինչպիսի     մութ    նկուղներու  մէջ    եղած   է,  եւ սակայն չէ տկարացած ու իր շուրջ  եղած  համատարած մութէն,  քալած է   դէպի ազատութիւնն ու լոյսը։