image

Հայաստանը գրաւիչ կը դառնայ զուիցերացի զբօսաշրջիկներու համար

Հայաստանը գրաւիչ կը դառնայ զուիցերացի զբօսաշրջիկներու համար

Յունիս-յուլիս ամիսներու ընթացքին զուիցերական առաջատար տպագիր եւ ելեկտրոնային մամուլի միջոցով հազարաւոր զուիցերացիներու առջեւ Հայաստանը ներկայացուած է որպէս զբօսշրջային գրաւիչ ուղղութիւն` աչքի իյնալով ազգային ուտեստներու բազմազանութեամբ, բարձրակարգ գինիներու տեսականիով (որ, հեղինակներու ներկայացմամբ,  «ամենահինն է աշխարհի մէջ»), հազարամեայ հարուստ պատմութեամբ ու մշակոյթով, արագ զարգացող ու ժամանակակից մայրաքաղաքով: Այս մասին կը տեղեկացնէ տնտեսութեան նախարարութիւնը:

Նիւթերը պատրաստուած են մայիսին, զուիցերացի զբօսաշրջային լրագրողներու Հայաստան կատարած ճանաչողական այցի ընթացքին` Զուիցերիոյ մէջ ՀՀ առեւտրական ներկայացուցիչ Հայկ Յովհաննիսեանի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի աջակցութեամբ:

Ճամբորդական լրագրողներու միութեան 16 ներկայացուցիչներ շուրջ մէկ շաբաթ շրջագայած են Երեւանի եւ Հայաստանի մարզերու տեսարժան վայրերով` հետաքրքիր տեղեկութիւններ, մարդկային պատմութիւններ հաւաքագրելով եւ նկարահանումներ իրականացնելով: Զուիցերական լայն լսարանի համար հաւաքագրուած նիւթերու տարածումը նպատակ ունի բարձրացնելու  Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը եւ խթանելու Զուիցերացի զբօսաշրջիկներու աճը։  

Կարեւոր է նշել, որ նիւթերը կը կրեն նաեւ դրական քաղաքական երանգ: Լրագրողներու հետ տարուած աշխատանքի շնորհիւ նիւթերուն մէջ արտայայտուած է անթաքոյց համակրանք բարդ աշխարհաքաղաքական դիրքի վրայ գտնուող ու չյանձնուող քրիստոնեայ հայ ազգի նկատմամբ, հաւատք դէպի երկրի ապագան:

Հաւաքուած նիւթերու թիրախային լսարանը սահմանափակուած չէ միայն Զուիցերիայով: Զուիցերացի լրագրողներու կողմէ ֆրանսերէնով պատրաստուած նիւթերը կրնան օգտագործուիլ այլ ֆրանքոֆոն լսարաններու համար, յատկապէս հաշուի առնելով Հայաստանի դերը ֆրանքոֆոն աշխարհին մէջ 2018 թուականի հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կայացած Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովէն ետք:

Ստորեւ համառոտ կը ներկայացնենք վերջերս հրապարակված նիւթերու ցանկը․

«Cooperation» բաժանորդագրային հանդէսը Զուիցերիայի ամենատարածուած պարբերականներէն է, կը պատկանի Coop հանրախանութներու ցանցին, այն ամէն շաբաթ կ'ուղարկուի աւելի քան 600 000 տուն (աւելի քան 1,5 միլիոն ընթերցող): 18 Յունիսի թիւին մէջ Հայաստանը ներկայացուած է 4 էջի մէջ` նկարներով համեմուած եւ «Հայաստանը կը հաւատայ իր ապագային» վերնագրիրը կրող գեղեցիկ յօդուածով:

Վալէ Քանթոնի ամենախոշոր օրաթերթի (աւելի քան 110 000 ընթերցող)` «Le Nouveliste»-ի 21 յունիսի թիւին մէջ մէկ ամբողջական էջի վրայ հրապարակուած է համանման «Հայաստանի վերագտնուած յոյսը» յօդուածը:

Նոյն յօդուածը լոյս տեսած է նաեւ «Le Nouveliste»-ի հետ նոյն մետիա խումբի մէջ գտնուող եւ Նիւշաթէլ քանթոնի մէջ լոյս տեսնող «Arcinfo» օրաթերթի (70 000 ընթերցող) 15 յունիսի թիւին մէջ:

Գերմանալեզու «Wendezeit» բաժանորդագրային հանդէսի (շուրջ 30 000 բաժանորդ) յուլիս-սեպտեմբերի համարին մէջ 7 էջ նուիրուած է Գիւմրիին:

«Paris Match Suisse Edition» (50 000 ընթերցող) հանդէսի յունիս-սեպտեմբեր համարին մէջ լոյս տեսած է բացառիկ յօդուած Շարլ Ազնաւուրի վերանորոգուող տուն-թանգարանի մասին, որ մօտ ապագային, հեղինակի ներկայացմամբ,  պիտի դառնայ «համաշխհարային մակարդակի տեսարժան վայր»:

Այցի շնորհիւ Զուիցերիոյ զբօսաշրջութեան լրագրողներու միութեան կայքին մէջ (www.presstourism.ch) հրապարակուած է 15-էն աւելի թեմատիկ յօդուած` ինքնատիպ նկարագրական մասով ու տպաւորիչ նկարներով: Այս յօդուածաշարը դեռ պիտի շարունակուի եւ աւարտին հասնելուն պէս պիտի համախմբուի մէկ ելեկտրոնային յաւելուած մէջ, որ աշխոյժօրէն պիտի տարածուի ֆրանսախօս միջավայրերուն մէջ: Յօդուածներէն մէկը` «Արենի` աշխարհի առաջին գինի» վերնագրով, արդէն վերատպուած է Ֆրանսայի հայկական կայքերուն մէջ` ստանալով բաւական լայն տարածում: