image

Վերջին ժամ. Կալանքի տակ առնուած է Բրիտանական Stena Impero նաւթատարը

Վերջին ժամ. Կալանքի տակ առնուած է  Բրիտանական  Stena Impero  նաւթատարը

  Պարսից   Ծոցին մէջ   բաւական  մտահոգիչ  եւ արագ  զարգացումներ  կը գրանցուին։   Ժամեր առաջ Իրանի «Յեղափոխութեան   պահակներ»ը կալանքի տակ առած են Բրիտանական   Stena Impero նաւթատարը։

 Կալանումի  դէպքը տեղի ունեցած է   տարբեր  առումներով  ռազմական  մեծ նշանակութիւն ունեցող  իրանեան   «հորմուզ»  նեղանցքի ջուրերուն մէջ։ 

 Կը  նշուի, որ   30.000  թոն   նաւփ փոխադրող   նաւը կը կրէ բրիտանական դրօշ  եւ եւ   կը պատկանի  շուէտական  ընկերութեան մը։

 

 Նաւթատարի  ընկերութիւնը դէպքին մասին խօսելով յայտարարած է, թէ իրենց  համար անհնար   եղած է կապ հաստատել կալանքի տակ  առնուած  նաւուն հետ, որուն  անձնակազմը կը բաղկանայ    23  նաւաստիներէ։

 

  Նշենք, որ   վերջին շաբաթներուն  յատկապէս  պարսից Ծոցի  ջուրերուն  մէջ   նկատելի դարձած   լարուածութիւնը   անմիջականօրէն կապ ունի  ԱՄՆ-Իրան  օրըստօրէ  աւելի   մեծ   ծաւալ  ստացող     քաղաքական լարուածութեան  հետ։