image

Պոլիս.Կազմուած է Պատրիարքի ընտրութեան «Նախաձեռնարկ մարմին»ը

Պոլիս.Կազմուած է Պատրիարքի ընտրութեան  «Նախաձեռնարկ մարմին»ը

 Երէկ  տեղի ունեցած   դռնբակ   նիստի  աւարտին Պոլսոյ   մէջ ընտրուած է    Պատրիարքական ընտրութիւնը  կազմակերպելու  կոչուած  «Նախաձեռնարկ մարմին»ը։  Այս   մասին    «Արեւելք»   տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ Պատրիարքարանէն։

 Պատրիարքութեան կողմէ   հրապարակուած      կարճ  տեղեկանքին համաձայն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական նիստին նախագահած է  Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Նիստը վարելու համար ընտրուեցաւ դիւան ըստ հետեւեալի. Հերման Պալեան՝ ատենապետ, Հրանդ Մոսկոֆեան՝ ատենադպիր, Նազարէթ Էօզսահակեան եւ Կարօ Պաղտատ՝ քուէախոյզեր։

 

Ներկաներու առաջարկով կազմուած թեկնածուներու անուանացանկին վրայէն գաղտնի քուէարկութեամբ քուէներու առաւելութեամբ Նախաձեռնարկ Մարմնի անդամներ ընտրուեցան՝ Սարվէն Սէրթշիմշէք (35 քուէ), Սարօ Պէնկլեան (33 քուէ), Սարգիս Չավուշեան (32 քուէ), Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու (31 քուէ), Մինաս Ասլան (31 քուէ), Արէտ Քօրեան (31 քուէ), Թամար Քարասու (30 քուէ), Նազարէթ Էօզսահակեան (28 քուէ), Լենա Ենիեօրկան (28 քուէ), Գրիգոր Տէօշէմէճեան (27 քուէ), Սեդրակ Տավութհան (26 քուէ), Սելինա Տօղան (26 քուէ), Սեւան Սվաճըօղլու (25 քուէ), Կարպիս Տուրասլան (24 քուէ), Վալիա Հէճինօղլու (20 քուէ)։ Իսկ պահեստի անդամներ մնացին՝ Ղուկաս Արզուման (20 քուէ), Կարպիս Պալմումճու (16 քուէ) եւ Գէորգ Էրքան (15 քուէ)։ Այս կազմին վրայ աւելցաւ նաեւ Պատրիարքական Աթոռի կողմէ ներկայացուած Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան։

 

 Նշենք, որ  այս  ժողովին   իրենց մասնակցութիւնը  բերած են Պոլսոյ Միաբանութեան  կրօնական, ինչպէս նաեւ համայնքային  եւ թաղային մարմիններու ներկայացուցիչներ։