image

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Մասիս Սրբազան այցելած է ՀՀ Առաքելութեան կեդրոն

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Մասիս Սրբազան այցելած է  ՀՀ Առաքելութեան կեդրոն

Կազմակերպութեամբ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան, Չորեքշաբթի, 10 Յուլիս 2019-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Արք. Զօպուեան եւ Հալէպի առողջապահական եւ հասարակական հարցերու յանձնախումբի պատասխանատու Շեյխ Մուհամմէտ Ատիպ Մահմուտ Հասուն իրենց ընկերակցող պատուիրակութիւններուն հետ ՀՀ Հալէպ ժամանած մարդասիրական առաքելութեան խումբի կեդրոն այցելեցին:

Հալէպի առողջապահական եւ հասարակական հարցերու յանձնախումբի առաջնորդը Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան Մուֆթի, դոկտոր Ահմատ Պատրըտտին Հասունի եղբորորդին է: Յանձնախումբը բարեգործական և բարեսիրական աշխատանքներ կ՚իրականացնէ:

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Եպս. Զօպուեան ողջոյնի իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ առաքելութեան կարեւորութեան ու պատմական նշանակութեան՝ շեշտելով, որ սա Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ մեր սիրոյ եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւնն է, այն ջերմ վերաբերմունքին համար, զոր ցուցաբերած է սուրիացի բարեկամ ժողովուրդը Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած հայ ժողովուրդի զաւակներուն նկատկամբ:

Շէյխ Մուհամմէտ Ատիպ Մահմուտ Հասուն Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան Մուֆթիի երախտագիտութիւնն ու շնորհակալական խօսքերը ուղղեց, շեշտելով, որ խումբին կողմէ մինչեւ օրս կատարուած մարդասիրական աշխատանքները թէ առողջապահութեան, և թէ ականազերծման ոլորտներուն մէջ արժանացած են Սուրիոյ ժողովուրդին բարձր գնահատանքին:

Վերարժեւորելով հայ-սուրիական դարաւոր բարեկամութիւնը՝ Շէյխ Մուհամմէտ խնդրեց Հայաստանի իշխանութիւններէն, որ հայ մասնագէտները շարունակեն իրենց մարդասիրական գործունէութիւնը այնքան ատեն, որ Սուրիոյ ժողովուրդը նման օժանդակութեան կարիքը ունի:

Իր կարգին, ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսութեան ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան խումբի ներկայացուցիչ Արկատի Տոնոյեան պատուիրակութեան անդամներուն շնորհակալութիւն յայտնեց գնահատական խօսքերուն և վստահութեան համար, աւելցնելով, որ մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ ցուցաբերուած մեծ մարդասիրութիւնը չէ մոռցուած աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին կողմէ, և խումբին գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան եղբայրական աջակցութիւնն է պատերազմական Սուրիոյ:

Պատուիրակութեանց անդամները զրուցեցին հայ մասնագէտներուն հետ և իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին անոնց: Պատուիրակութեանց մաս կը կազմէին Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ թեմի Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներ: