image
Հրատապ լուրեր:

Մեծագոյն կանխամտածուած սպանութիւն. Իսրայէլի նոր դեսպանին անդրադարձը

Մեծագոյն կանխամտածուած սպանութիւն. Իսրայէլի նոր դեսպանին անդրադարձը

Հայաստանի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան Էլիաւ Պելոցերքովսկին, 1915ին Թուրքիոյ մէջ կատարուած հայերու կոտորածները կը համարէ 20րդ դարու պատմութեան ամենամեծ կանխամտածուած սպանութիւնը:

«Արմէնբրես» հաղորդած է, թէ դեսպանը նման տեսակէտ յայտնած  է Երեւանի մէջ Իսրայէլի անկախութեան 71-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ կազմակերպուած ընդունելութեան՝  լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին: Անդրադառնալով լրագրողի այն հարցին`թէ Իսրայէլը չէ ճանաչած Հայոց ցեղասպանութիւնը, արդեօ՞ք հնարաւոր է փոփոխութիւն տեղի ունենայ, մանաւանդ որ դեսպանը այցելած է  Ծիծեռնակաբերդ, դեսպանը պատասխանած է.-«Այդ սարսափելի ողբերգութիւն էր, այդ 20-րդ դարու պատմութեան եւ մարդկութեան պատմութեան ամենամեծ կանխամտածուած սպանութիւնն էր: Հրեաները, յատկապես այն մարդիկ, որոնք կ'ապրին Իսրայէլ, աշխուժօրէն հանդէս կու գան անոր դէմ, եւ այդ նաեւ քննարկուած է մեր խորհրդարանի կողմէ»:

Լրագրողը նկատեց, որ դեսպանը չօգտագործեր ցեղասպանութիւն բառը, դեսպանը նշեց, որ այդ բառի որոնման հարց չէ: Ապա շեշտեց, որ իսկապէս սարսափելի ողբերգութիւն է, եւ պէտք է քննարկել այդ պատմութիւնն ու ուսումնասիրել զայն, որպէսզի նման ողբերգութիւններ չկրկնուին:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօ՞ք Ատրպէճանի հետ յարաբերութիւնները չեն խանգարեր համագործակցութիւնը, ան նշեց,- Իսրայէլը, Հայաստանի նման, ունի իր հետաքրքրութիւնները, իր յարաբերութիւնները բազմաթիւ երկիրներու հետ, եւ այդ յարաբերութիւնները բաղկացած են տարբեր բաղադրիչներէ: Դեսպանը բնական համարեց այդ եւ շեշտեց,- «Մեր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ կը համարենք առաջնային եւ կ'ամրապնդենք զայն որքան հնարաւոր է աւելի շատ»: