image

Հալէպ-Դամասկոս ճամբուն վրայ մեծ արկած.Կան 7 զոհեր

Հալէպ-Դամասկոս  ճամբուն վրայ  մեծ արկած.Կան     7 զոհեր

 Հալէպ- Դամասկոս  ճանապարհին վրայ   այսօր  մեծ  արկած մը գրանցուած  է։  Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Հալէպի մասին լուրեր հաղորդող  ընկերային ցանցի էջեր։  Նախնական   տուեալներով    արկածին  հետեւանքով   զոհուած   են  անձեր, որոնց մէջ կան նաեւ փոքրիկներ։

«Արեւելք»  այս պահուն  կը փորձէ   կապ հաստատաել Հալէպի  իր աղբիւրներուն  հետ,  ճշդելու համար       ողբերգական    արկածին զոհ  գացած   անձերուն ինքնութիւնը։

 

Յիշեցնենք, որ այսօրուան կտրուածքով Հալէպ քաղաքը  մայրաքաղաք   Դամասկոսին  կապող գլխաւոր մայրուղին կը  համարուի  Խանասէրի    բաւական  նեղ  հնարաւորութիւններ ունեցող  խճուղին, որ տարբեր առիթներով ալ   անուանուած  է «Մահուան ճանապարհ»։