image

Մելգոնեան վարժարանի հարցով բողոքի հաւաք Կիպրոսի մէջ.News.am

Մելգոնեան  վարժարանի հարցով  բողոքի հաւաք Կիպրոսի  մէջ.News.am

Յուլիս 3-6-ը պաշտօնական այցով Կիպրոսի Հանրապետութիւն կը գտնուէր Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ է նաեւ Հայաստան-Կիպրոս միջխորհրդարանական բարեկամական խումբի նախագահ Մխիթար Հայրապետեանը:

«Մելգոնեան համաշխարհային նախաձեռնութեան» հայաստանեան գրասենեակէն NEWS.am-ին յայտնած են, որ շարք մը պաշտօնական հանդիպումներէն ետք հայ խորհրդարանականները երէկ երեկոյեան այցելած են Կիպրոսի հռչակաւոր «Մելգոնեան» կրթական հաստատութիւն, որ 2005 թուականէն չի գործեր:

 

Յատուկ այս այցի համար կիպրահայերը կազմակերպած էին բողոքի ցոյց` ընդդէմ ՀԲԸՄ կողմէ դպրոցի փակման որոշման: Ցուցարարները, որոնց կազմին մէջ կային նաեւ ԱՄՆէն եւ Եւրոպայէն ժամանած մելգոնեանցիներ, նշած էին, որ Հայաստանի մէջ յեղափոխութենէն ետք կ'ակնկալեն նաեւ յեղափոխութիւն Սփիւռքի մէջ, եւ  կարելի չէ թոյլ տալ Սպիտակ եղեռնի իրականացումը:

«Օտար հողի վրայ հայուն հայ պահողը մայրենի լեզուն ու մշակոյթն է, ինչպէ՞ս կարելի է փակել հայկական դպրոցը, որու կարիքը ոչ միայն համայնքը, այլեւ ոչ բարենպաստ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ գտնուող տարածաշրջանն այդքան ունի»,- նշած են բողոքի ցոյցի մասնակիցները:

Ազդեցիկ ելոյթով հայ պատգամաւորներուն դիմած է «Մելգոնեան համաշխարհային նախաձեռնութեան» հիմնադիր նախագահ Արսինէ Շիրվանեանը, որու խօսքը ամբողջութեամբ հայկական կրթական հաստատութիւններու, հայ ինքնութեան պահպանման, հզօրացման ու այդ ուղղութեամբ աննահանջ պայքարի կոչ էր` ուղղուած ամբողջ աշխարհի հայերուն:

Պատուիրակութեան անդամները իրենց համակրանքը յայտնած են պայքարող հայրենակիցներու զգացմունքներու նկատմամբ ու խոստացած աւելի խորամուխ ըլլալ հարցի լուծման տարբերակներու մէջ` ընդգծելով, որ դպրոցի հարցը հայկական օրակարգի վրայ է:

Նշենք նաեւ, որ բողոքի ցոյցին կը մասնակցէին նաեւ եղբայրական Կիպրոսի տարբեր պաշտօնեաներ, յայտնի կուսակցութիւններու նախագահներու պարզապէս Մելգոնեանի յարգն ու արժէքը իմացող քաղաքացիներ: