image

Ֆրանսահայութիւնը կը պատրաստուի բողոքի

Ֆրանսահայութիւնը կը պատրաստուի բողոքի

Ֆրանսայի մէջ 10 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ ցոյց՝ ընդդէմ ֆրանս-ատրպէյճանական ռազմաքաղաքական համագործակցութեան: Այդ մասին կը տեղեկացնէ Nouvelles d’Arménie-ն:

«Նախորդ ամիս մենք իմացանք, որ ֆրանսական կառավարութեան աջակցութեամբ ու ատրրպէյճանական լոպպիի ազդեցութեան տակ Ֆրանսայի վարչական դատարանները չեղարկած են Ֆրանսայի եւ Արցախի 5 քաղաքներու բարեկամութեան համաձայնագիրները: Անոնք չեղարկուած են տնտեսական ու քաղաքական պատճառներով՝ ատրպէյճանական բռնապետութեան կամքին հետեւելով: Ո՞ւր է Ֆրանսայի արդար դատարանը ու ո՞ւր են մարդու իրաւունքները:

Ֆրանսան զէնք կարտադրէ եւ կը մատակարարէ ատրպէյճանական բանակին, որ այն օգտագործէ Ֆրանսայի ժողովուրդի հայ եղբայրներուն ու քոյրերուն դէմ: Այս առիթով Ֆրանսայի մէջ Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքի մօտ կազմակերպուած է բողոքի ցոյց, որու պահանջն է դադրեցնել ֆրանս-ատրպէյճանական ռազմաքաղաքական համագործակցութիւնը:

Յիշեցնենք ֆրանսական կառավարութեան իր պարտականութիւնը: Յիշէ´ք, որ մարդկային արժէքները փողէն վեր են: Յիշէ´ք, որ զէնքը, որ կը վաճառէք Ատրպէյճանին, կը կիրառուի մեր քոյրերու ու եղբայրներու դէմ, որոնք հողը կը պահեն՝ կեանքի գնով: Բաւական է խաղալ Արցախը պահող մեր եղբայրներու ու քույրերու կեանքերուն հետ»,- նշուած է տարածուած յայտարարութեան մէջ: