image
Հրատապ լուրեր:

Տեղապահէն առաջ եւ տեղապահէն վերջ...

Տեղապահէն առաջ եւ տեղապահէն վերջ...

 Պոլսոյ  «ԺԱՄԱՆԱԿ»  օրաթերթի   գլխաւոր  խմբագիր  Արա  Գոչունեան կը գրէ՝

 Այսօր ի վերջոյ ընտրուեցաւ պատրիարքական տեղապահը։ Եթէ մինչեւ շաբաթ մը առաջ տեղապահի ընտրութիւնը անկիւնադարձային էր, ապա ներկայ դրութեամբ արդէն կը համարուի բեկումնային։

 

Անցեալ աւելի քան տասն տարիներու կտրուածքով մեր համայնքը դիմագրաւած է շատ ծանր, պատմականօրէն ծանր մարտահրաւէրներ։ Ծանրակշիռ հետեւանքները յիշեցնել աւելորդ է կարծես. պառակտումներ, բեւեռացումներ, ոչ-լիարժէք կամ կաղացող վարչական համակարգ եւ հաւաքական կամք ձեւաւորելու ուղղութեամբ զգալի ձախողում, հասարակաց նպատակի մը վրայ կեդրոնանալու տեսակէտէ անընդունակութիւն։

 

Այս մռայլ համայնապատկերի բնութագրման մղումը, անշուշտ, մեր ժողովուրդի ջլատումը չէ ու չի կրնար ըլլալ։ Այսօր, երբ ընտրուած է նոր տեղապահ մը, թէ՛ իր եւ թէ մեր հաւաքականութեան առջեւ ծառացած է հրամայական մը. առերեսում անցեալ տասնամեակի հետեւանքներուն հետ։ Սա անյետաձգելի գործ մըն է։ Մեր համայնքէն ներս անհաւատալի համեմատութիւններու հասած է սեփական ուժերու հանդէպ թերահաւատութիւնը։ Այս համատարած երեւոյթը աղէտի մը համազօր տարածուած է՝ մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերէն ներս։

 

Ահա՛, այս կէտին վրայ կրնայ բեկումնային ըլլալ տեղապահի մը ընտրուած ըլլալը։ Ի վերջոյ, այս համայնքի, մեր դարաւոր Պատրիարքական Աթոռի համակարգէն ներս բանած է վարչամեքենան եւ առնուած է քայլ մը, այսինքն ընտրուած է տեղապահ մը։ Այսօր այլեւս պէտք է համախմբուիլ նորընտիր տեղապահին շուրջ։ Իր կարգին, նորընտիր տեղապահն ալ պէտք է գործէ անկողմնակալ, պէտք է համահաւասար հեռաւորութիւն պահէ բոլորին նկատմամբ՝ նրբանկատօրէն նկատի առնելով մեր համայնքի փխրուն հաւասարակշռութիւններն ու խոցելի կէտերը։ Սա եթէ մէկ կողմէ հանրութեան կողմէ հաւաքական պատասխանատուութեան դրսեւորման հարց մըն է, ապա միւս կողմէ վարչական ճկնութեան, ղեկավարման վարպետութեան մարտահրաւէր մըն է նորընտիր տեղապահին տեսակէտէ։

 

Այս խաչմերուկին վրայ է հանելուկին լուծումը։ Տեղապահէն վերջ ու տեղապահէն առաջ որակի յստակ տարբերութիւն մը ակնկալելը՝ այս պահուն հաւաքական պահանջի մը պէտք է վերածուի։ Ներկայ խաչմերուկին վրայ հանելուկին լուծումը կախում կ՚ունենայ միակ հանգամանքէ մը։ Նորընտիր տեղապահի գլխաւորութեամբ մեր համայնքը պէտք է անպայման արձանագրէ հաւաքական յաջողութիւններ, պէտք է անպայման ապահովէ հաւաքական ձեռքբերումներ։ Առանց նման արդիւնքի, այս համայնքը դժուար թէ կարողանայ թօթափել այս վերջին տասնամեակին բեռը։

 

Այս բոլորին շուրջ պէտք է մտածել եւ անկեղծ յանձնառութիւն պէտք է ունենալ։

 

Ապագայ պատրիարքի գահակալութեան շրջանի սկիզբը գրաւի տակ պէտք չէ ըլլայ եւ այդ ենթագետնի պատրաստութիւնը պէտք է սկսի անյապաղ՝ նոր տեղապահի ընտրութեան առաջին պահէն սկսեալ։